2011-05-01 12:54:31

Աստուծոյ Ծառայ ՅՊԲ Սրբազան Քահանայապետին Երանացման Սուրբ Պատարագը։






Կիրակի Մայիս մէկի առաւօտեան ժամը 10ին՝ Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը, կարտինալական դասի մասնակցութեամբ՝ նախագահեց Աստուծոյ ծառայ ՅՊԲ սրբազան քահանայապետին Երանացման Սուրբ Պատարագի արարողութեան։

Իսկ Շաբաթ օրը երեկոյեան սուրբ Պետրոսի հրապարակը տանող Via della Conciliazione պողոտայի սկիզբը, հազարաւոր ուխտաւորներ արդէն հաւաքուեցան սպասելով՝ դէպի սուրբ Պետրոս հրապարակ մուտք կարելիութիւնը, ուստի անոնք գիշերեցին պողոտային վրայ երկնքի աստղերուն տակ, բացօթեայ, մինչեւ առաւօտեան ժամը 5.30-ը երբ անցարգելները բացուեցան եւ ամբոխը խուժեց գրաւելու՝համարը հրապարակի վրայ սարքուած խորանին ամենէն մօտիկ տեղերը։ Մէկ ժամ չանցած՝ հրապարակը ու հրապարակ երկարող Via della Conciliazione-ի պողոտան գրեթէ մէկ քմ. տարածութեամբ արդէն լեցուն էր հաւատացեալներու հոծ բազմութեամբ, Հռոմ ժամանած աշխարհին հինգ ցամաքամասերէն, մասնակցելու ու ներկայ ըլլալու համար այս պատմական ու բացառիկ դէպքին ։ Լեցուն էին նաեւ շրջակայ փողոցները եւ ուխտաւորներու հոսանքը տակաւին չեր վերջ գտած։

Ժամը 9ին միշտ այսօր սկիզբ առին պատրաստողական աղօթքները որուն ընթացքին արտասանուեցան Լեհ Սրբուհի ֆաուսթինայի <<Յիսուս քեզի կը վստահիմ>> աղօթքը որ շատ սիրելի էր ՅՊԲին։ Այս աղօթքը աղերսանք մըն է Աստուծոյ Գթութիւնը հայցելու եւ մեղքերու թողութիւն խնդրելու։



Նշենք թէ ՅՊԲ-ի երանացման դատը սկիզբ առած էր Հռոմ Թեմի խնդրանքով ։



Սրբազան արարողութեան մասնակցեցան աւելի քան 87 պաշտօնական պատուիրակութիւններ որոնց մէջ կային 5 արքայական իշխանութեանց ներկայացուցիչներ ,16 երկիրներու նախագահներ եւ 6 վարչապետներ ինչպէս նաեւ մեծ թիւով եկեղեցականներ կաթողիկէ եւ այլ քրիտոնեայ եկեղեցիները ներկայացնող,ու նաեւ Իսլամ Կրօնքի Ներկայացուցիչները։ ։



Պատարագը սկիզբ առաւ ժամը 10 ին գլխաւորութեամբը Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին։ Պատարագի ընթացքին գործածուած սկիհը ՅՊԲ.ի գործածած սկիհնէրէն մին էր, ինչպէս նաեւ պատարագի շուրջառը։ Նորին Սրբութիւնը երանացումի բանաձեւը կարդաց որմէ յետոյ Սուրբ Պետրոս Տաճարի ճակատին դրուած ու քօղով ծածկուած Երջանկայիշատակ ՅՊԲ.ի նկարը(լուսանկարուած 1995-ին) ի յայտ եկաւ,որոտընդոստ ծափողջոյններու ընդմէջէն ։ Պատարագէն ետք խորանին վրայ զետեղուեցաւ ՅՊԲ.ի ձիթենիի ձեւով սրուակի մը մէջ դրուած արիւնը, ցոյց տալու համար հանրութեան, արժանանալով հաւատացեալներու մեծարանքին։

Սուրբ Զոհին աւարտին ուխտաւորներուն կարելիութիւն տրուեցաւ շարքով մտնել Սուրբ Պետրոս Տաճար, մեծարելու համար հոն դրուած Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի Դագաղը։



Արարողութեան հետեւեցան աւելի քան 2300 լրագրողական գործակալութիւններ եկած աշխարհի 101 երկիրներէն, որոնց մէջ 1300 հեռատեսիլի կայաններ, 700 թերթեր, 230 լուսանկարիչներ եւ 250 Ռատիոկայաններ։














All the contents on this site are copyrighted ©.