2011-04-30 13:15:27

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը


Շաբաթ 30 ապրիլ 2011. Նորին Սրբութիւնը` Գասդէլ Կանտոլֆոյի ամարանոցին մէջ առաւօտեան ժամը 11-ին՝ ընդունեց Միլանոյի Արքեպիսկոպոսը՝ Կարտինալ Տիոնիճի Թէթթամանցին, ապա ժամը 11.45-ին՝ ընդունեց <> ի՝ Եւրոպական Միութեան ձայնասփիւռի եւ հեռուստատեսիլի կազմակերպութեան` 150 անդամները որոնք Վատիկանի մէջ իրենց ընդհանուր ժողովը գումարեցին։
Նշենք թէ՝ այս տարի Ռատիովատիկանը կը տօնախմբէ իր հիմնարկութեան 80ամեակը եւ այս առիթով է որ՝ Ռատիովատիկանի տնօրէնութիւնը խնդրած էր Եւրոմիութեան ձայնասփիւռի եւ հեռուստատեսիլի կազմակերպութենէն որ 17-րդ ընդհանուր ժողովը գումարուէր Վատիկանի Ռատիոկայանի մէջ։
Նշենք նաեւ թէ՝ Վատիկանի Ռատիոկայանը ԷՊՈՒՅԻ հիմնադիրներէն է։
Անցեալ 28 ապրիլին Վատիկանի Քահանայապետական ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներու նախագահ արքեպիսկոպոսը Գլաուտիօ Չելլին իր ելոյթին մէջ մատնանշած էր Ռատիոյի ունեցած գլխաւոր դերը հաղորդակցութեան միջոցներու ծաւալէն ներս եւ այս ուղղութեամբ հարկ է որ - ըսած էր ան- Ռատիոն ըլլայ բոլորին ձայնը եւ երկխօսութիւն ստեղծէ տարբեր գաղափարներ ունեցող անձերու միջեւ որպէսզի միասնաբար աշախատելով օժանդակեն հասարակաց բարիքի համար։ Ճիշդ այս նպատակով է որ եկեղեցին եւս ջանք կը թափէ ժամանակակից ըլլալու արդիական տեխտիքական յառաջացումներուն, դարձնելով Ռատիօն ատակ գործիք մը եկեղեցւոյ հովուական առաքելութեան համար։
Նշենք թէ Շաբաթ օրը, երեկոյան ժամը 6ին՝ Նորին Սրբութիւնը Գասդէլ Կանտոլֆոյի ամարանոցէն ինքնաթիռրով կը վերադառնայ Վատիկան, եւ Կիրակի՝ մայիս մէկին պիտի նախագահէ ՅՊԲ.ի երանացման արարողութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.