2011-04-30 22:45:03

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Ձեռագիր Պատգամը Ուղղուած Վատիկանի Կիսապաշտօն Օրաթերթ` Օսսեվաթորէ Ռոմանոյի։


Մայիս մէկը` Զատկուայ երկրորդ կիրակին, Աստուածային գթութեան կիրակի, Հաւատքի տօն է բանալու դռները Քրիստոսի։
<<Գարոլ Վոյթիլայ` եւ 1978-էն մինչեւ 2005 ՅՊԲ. անունով քահանայապետի երանացման արարողութիւնը, որ տեղի կ՛ունենայ կիրակի մէկ մայիսին, եկեղեցւոյ պատմութեան վերջին տասը դարերու ընթացքին աննախընթաց եւ բացարիկ դէպք մըն է, նկատուած՝ որպէս հաւատքի տիեզերական տօն մը>> այսպէս կը գրէ Պենետիկտոս ԺԶ. իր ձեռագիր պատգամին մէջ, ուղղուած Օսսեվաթորէ Ռոմանոյի ընթերցողներուն եւ համայն աշխարհէն Հռոմ ժամանած՝ ուխտաւորներուն։ Սրբազան Քահանայապետը կ՛ողջունէ բոլոր հաւատացեալները եւ ուխտաւորները մաղթելով որ այս <<հաւատքի տօնը՝ առիթ հանդիսանայ Քրիստոսի առջեւ բանալու դռները եւ հրաւէր մը՝ երանելի ՅՊԲ առատաձեռնութեամբ ապրելու սիրոյ աւետարանը։








All the contents on this site are copyrighted ©.