2011-04-30 13:15:49

Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի երանացման Աղօթքի հսկում


Կիրակի 1 մայիս 2011-ին, Յովհաննէս Պօղոս Բ պիտի բարձրանայ եկեղեցւոյ խորաններու պատւոյն։ Այս առթիւ նախատեսուած են արտակարգ եւ բացառիկ տօնախմբութիւններու ձեռնարկներ ըլլայ մշակութային ըլլայ հոգեւոր գետնի վրայ։
Հռոմի Թեմի ծիսական գրասենեակի տնօրէն` Գերապայծառ Մարգօ ֆրիզինան յայտարարած էր թէ ՅՊԲ.ի Երանացման տօնախմբութիւններու <<մարաթոնան>> սկիզբ կ՛առնեեն շաբաթ 30 ապրիլի՝ երեկոյեան, եւ վերջ կը գտնեն չորեքշաբթի 4 մայիսին Պենետիկտոս ԺԶ սրբազան քահանայապետին հրապարակային ունկնդրութեամբ։

Արդարեւ Շաբաթ՝ 30 ապրիլի երեկոյեան ժամը 8էն - 10.30 , Հռոմի Չիրքօ Մասսիմոյի բացօթեայ տարածքին, տեղի ունեցաւ աղօթքի հսկումի երեկոյ մը ի պատրաստութիւն ՅՊԲ երանացման արարողութեան որ տեղի կ՛ունենայ Կիրակի մայիս մէկին։ Նախաձեռնութիւնը բաժնուած էր երկու մասերու` առաջինը՝ Յիշատակութեան արարողութիւն մըն էր որուն ընթացքին մեծ պաստառներու վրայ ցուցադրուեցան երջանկայիշատակ Քահանայապետի նկարները իր կեանքի վերջին շրջանին, ինչպէս նաեւ տեղի ունենցան վկայութիւններ ՅՊԲ.ի երբեմնի բանբեր՝ Ժոագին Նավարրօ Վալսի, Նորին Սրբութեան քարտուղար՝ Կարտինալ Սդանիզլավ Տժիվիչի եւ հրաշաբար բուժումի ենթարկուած՝ քոյր մարի Սիմոն Փիէրի` կրօնաւորուհին որ ՅՊԲ.ի բարեխօսութեամբ՝ ազատած էր անբուժելի հիւանդութենէն։ Արդարեւ այս Հրաշքն է որ դռները բացաւ ՅՊԲ.ի երանելիութեան դատին։ Վկայութիւններու շարքին կային նաեւ՝ Հռոմէացի մի քանի երիտասարդներու վկայութիւնները՝ որոնք խօսեցան երանաշնորհ քահանայապետին կենցաղին ու խօսքերուն իրենց կեանքէն ներս ազդեցութեան մասին ։
Այս առաջին մասը վերջ գտաւ <> ամբողջովին քուկդ ՅՊԲ.ին Աստուածամօր հանդէպ ունեցած նուիրումի երգեցողութեամբ` որ եղած էր նաեւ անոր Քահանայապետութեան Զինանշանը։
Չիրքօ Մասսիմոյի բացօթեայ տարածքը լեցուն էր փիւրաւոր ուխտաւորներով եւ հաւատացեալներով ինչպէս նաեւ հոգեւորականներով որոնք հակառակ հովին ու անձռեւին բազմութեամբ խուժեցին երանդով մասնակցելու հսկումի աղօթքին։

Հսկումի երկրորդ բաժինը յատկացուեցաւ Սուրբ Վարդարանի աղօթքին՝ որուն ընթացքին արտասանուեցան վարդարանի <<լուսաւոր խորհուրդները>> զոր երջանկայիշատակ քահանայապետը ներմուծած էր։ Արարողութիւնը սկիզբ առաւ <<Քրիստոսի բացէք ձեր դռները>> երգեցողութեամբ, որմէ ետք Հռոմի տեղապահ արքեպիսկոպոսը՝ Կարտինալ Վալլինին ներկայացուց երանելիին հոգեւոր եւ հովուական անձնաւորութիւնը։ Սուրբ Վարդարանի աղօթքը արտասանուեցաւ երիտասարդներու, ընտանիքներու, աւետարանացումի, յոյսի եւ եկեղեցւոյ դիտաւորութիւններուն, միաժամանակ` արբանեակի միջոցաւ կապ հաստատելով հինգ մարեմեան սրբավայրերու հետ. ինչպէս՝ Գրագովիայի Լակնիեւնիքիի սրբավայրը՝ որուն յատկացուած էր երիտասարդներու դիտաւորութիւնը, Թանզանիայի Գավէգամօ սրբավայրը՝ որուն յատկացուած էր Ընտանիքի դիտաւորութիւնը, Հարիսայի Մայր Լիբանանու սրբավայրը՝ որուն յատկացուած էր աւետարանութեան դիտաւորութիւնը, Մէսսիքոյի Կուատալուբի Տիրամօր սրբավայրը՝ յոյսի դիտաւորութեամբ, եւ ֆաթիմայի սրբավայրը՝ Եկեղեցւոյ դիտաւութեամբ։

Վարդարանի աղօթքէն ետք, հեռուստատեսիլային կապով Պենետիկտոս ԺԶ սրբազան քահանայապետը եզրափակեց աղօթքի արարողութիւնը ու ապայ տուաւ իր հայրական օրհնութիւնը։

Բացօթեայ հսկումի այս երեկոն շարունակուեցաւ մինչեւ արշալոյս որով Հռոմի Թեմը` որուն խնդրանքով է որ սկիզբ առած էր ՅՊԲ երանացման դատը` որոշած էր Չիրքօ Մասսիմոյէն մինչեւ սուրբ Պետրոս առաջնորդող ճանապարհի վրայ գտնուող եկեղեցիներու դռները բաց պահել առիթ տալով հաւատացեալներուն եւ Հռոմ ժամանած՝ ուխտաւորներուն, շարունակելու` աղօթքի ամփոփումը։








All the contents on this site are copyrighted ©.