2011-04-30 12:57:25

Զուիցերիոյ Բողոքական Եկեղեցիներու Դաշնակցութեան Նախագահին Հանդիպումը Մոր Գաբրիէլ Վանքի Աբբահայրին Հետ։


Զուիցերիոյ բողոքական եկեղեցիներու դաշնակցութեան նախագահը վերապատուելի Լոշէր, 28 ապրիլին՝ Թուրքիոյ մէջ հանդիպում ունեցաւ ասորի օրթոտոքս համայնքի արքեպիսկոպոս՝ Մար Թիմոդէոսի հետ, վանահայրը Մոր Գաբրիէլ վանքին, խորհրդակցելու՝ Մոր Գաբրիէլ վանքի հաւատացեալներու կացութեան մասին։ Վանքը հիմնուած է 397 թուականին, եւ մեծապէս կը սատարէ ասորերէն լեզուի ու մշակոյթի պահպանման։ Թրքական իշխանութիւնները հարցականին տակ դրած են վանքին կալուածներու սեփականութիւնը։ Յայտնենք թէ Զուիցերիոյ Բողոքական եկեղեցիները ստանձնած են երաշխաւորել դատական ծախսերը Մոր Գաբրիէլ վանքին, որուն սեփականութիւնը սպառնալիքի տակ է քանի թրքական իշխանութիւնները կը նպատակադրեն բռնագրաւել Վանքն ու անոր կալուածները։








All the contents on this site are copyrighted ©.