2011-04-29 13:49:04

Յառաջիկայ 2 - 1 4 Մայիս Գերապայծառ Վէլիօ Այցելութիւն Կը Կատարէ Աւստրալիա։


Փախստականներու Քահանայապետական խորհուրդի նախագահը՝ գերապայծառ Անթոնիօ Մարիա Վէլիօ, ընկերակցութեամբ՝ հայր Կապրիէլէ Պէնթոլիոյի՝ ենթաքարտուղարը նոյն խորհուրդին, յառաջիկայ 2-14 մայիս կ՛այցելեն Աւստրալիան։ Աւստրալիոյ Եպիսկոպոսական Համահաւաք Դասի յայտարարութեամբ՝ սոյն իւրայատուկ այցելութեան նպատակակէտն է >> քաջալերել փախստականներու հետ գործող մատրնապետները իրենց առաքելութեան մէջ>>։ Իր կեցութեան ընթացքին գերապայծառ Վէլիօ 11 մայիսին ելոյթ պիտի ունենայ Աւստրալիոյ եպիսկոպոսներու սիւնոդոսական նիստին ընթացքին, ինչպէս նաեւ նախատեսուած են հանդիպումներ զանազան հոգեւորականներու հետ։ Փախստականներու Քահանայապետական խորհուրդի Նախագահի Աւստրալիա այցելութիւնը տեղի կ։ունենայ Գանպէրրայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասին սուրբ Պետրոսի յաջորդին կատարելիք կանոնական հնգամեայ այցելութենէն մի քանի ամիս առաջ։
Հայր Մաուրիցիօ Բէթթէնա՝ անդամ Աւստրալիոյ փախստականներու եւ գաղթականներու Կաթողիկէ գրասենեակին իր գոհունակութիւնը, յայտնած է, Սուրբ Աթոռի հետ կիսելու փախստականներուն ի նպաստ աշխատանքի փորձառութիւնը եւ յոյս յայտնած՝ որ այս այցելութիւնը առիթ դառնայ որ Աւստրալիոյ հանրութիւնը մօտէն ճանչնցնէ ու աւելի շօշափելի կերպով՝ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգատարութիւնը, հանդէպ գաղթականներուն եւ փախստականներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.