2011-04-29 13:54:39

Մարրաքեշի Մէջ Ահաբեկչական Արարքը Առնուազն 15 Զոհեր Կը Պատճառէ ։


Մարոքի Ներքին Գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ երէկ Մարաքեշի մէկ ճաշարանին մէջ տեղի ունեցած պայթումը «ոճրային արարք» էր: Պայթումին պատճառով արձանագրուած են 15 զոհեր (ընդ որս 10 ֆրանսացիներ եւ հոլլանտացիներ) եւ կան 20 վիրաւորներ ։ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդը եւ Ընդհանուր Քարտուղար Պան Քի Մուն դատապարտեցին երէկուայ ՝՝ատելի՝՝ մահափորձը,նոյնպէս Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարար Հիլարի Քլինթըն դատապարտեց ահաբեկչական ՝՝վատ՝՝ արարքը։ Յիշենք որ անցեալ 9 Մարտին արտասանած իր մէկ ճառին մէջ Մարոքի թագաւոր Մոհամմէտ Դ.րդ որպէս հակազդեցութիւն հրապարակներու վրայ կայացած բողոքներուն յայտարարած էր ՝՝Սահմանադրական մօտալուտ կարեւոր բարեփոխութիւններ՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.