2011-04-28 11:05:21

“Totus Tuus” Ամբողջովին Քեզի - ՅՊԲ.ի Նուիրումը Աստուածամօր, Եղաւ Զինանշանը Իր Քահանայապետութեան։


Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի կեանքը եղաւ ամբողջանուէր Տիրոջ, Ամենասուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութեամբ։ Ան միշտ աշխատեցաւ մարդու ու Եկեղեցիոյ բարիքին համար։ 1989ին Պերլինի պատին փլուզումով զգալի եղաւ աւերիչ ոյժը շուկայի ու տնտեսութեան, որոնք յառաջ բերին անարդարութիւն ու կղզիացում, ահա այս պատճառաւ ան, ընկերային հարցերու հայող, 6 շրջաբերական թուղթեր հրապարակեց, նոյնպէս հրապարակեց չորս շրջաբերական թուղթեր Եկեղեցւոյ կեանքի ու առաքելութեան մասին։

Իրաքի պատերազմը ու խաղաղութեան պաշտպանութիւնը - ՅՊԲ. ոչ մէկ ճիգ խնայեց, յուսալով կարողանալ Իրաքի դէմ պատերազմը արգիլել, ան տեսակցութիւններ ունեցաւ առաջնակարգ դիւանագէտներու հետ։ Իր ներկայացուցիչները ուղարկեց Իրաք եւ ԱՄՆ։








All the contents on this site are copyrighted ©.