2011-04-27 12:48:05

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւնը


Այսօր Չորեքշաբթի 27 Ապրիլ 2011, առաւօտեան ժամը 10ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Գասթել Կանտոլֆոյի ամարանոցէն ուղղաթիռով տեղափոխուեցաւ Հռոմ - Վատիկան, ուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի բազմաթիւ հաւատացեալներուն որոնք համախմբուած էին Սուրբ Պետրոսի հրապարակը։

Նորին Սրբութիւնը իր խօսքը կեդրոնացուց Զատկուայ պատգամին վրայ - Քրիստոնէութեան կեդրոնը։
Յիրաւի՝ ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ., Քրիստոսի Յարութիւնը մեզ կը մղէ յաւիտենականութեան մէջ արմատացած կեանք մը ապրելու եւ նոր ապագայ մը կը բանայ մարդկութեան առջեւ։ Մերկանալով հին մարդէն, մկրտութեամբ՝ կը դառնանք նոր մարդ եւ կը զգենունք Քրիստոսը, ապրելու համար ողորմածութեամբ։
Ողորմութիւնը բոլոր առաքինութիւններուն կեդրոնն է, վերին իրականութիւններու ամփոփումը։ Զատկուայ Աւետիսի նորութիւնը, այն անցքն է կեանքէ մը որ հպատակ է մեղքի, դէպի ազատութեան կեանք մը, խրախուսուած՝ սիրով որ կը տապալէ ամէն արգելք եւ մեր սրտերուն ու մեր յարաբերութիւններուն մէջ կը կերտէ ներդաշնակութիւն։
Սիրելիներ, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, հոն ուր կայ վհատութիւն՝ աճեցնենք յոյսը, հոն ուր կայ գժտութիւն՝ սփռենք ուրախութիւն եւ հոն ուր կայ մահ՝ ապրեցնենք կեանքը։

Այս խօսքերէն ետք, նորին սրբութիւնը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները ու ապա յատուկ խօսք մը ուղղեց հիւանդներուն նորապսակեալներուն եւ երիտասարդներուն ու մանաւանդ Միլանոյէն ժամանած պատանիներուն։
Սիրելի բարեկամ երիտասարդներ - ըսաւ ան - ձեզի կ՝ըսեմ այն խօսքը որ Յիսուս՝ Յարուցեալ Քրիստոսը իր առաջին աշակերներուն կը կրկնէ <<ինչպէս Հայրը զիս ղրկեց ես ալ ձեզ կը ղրկեմ...ընդունեցէք Սուրբ Հոգին>> (Յովհ 20, 21-22)։ Այս կոչին համապատասխանեցէք ուրախութեամբ ու սիրով, երախտագէտ ըլլալով հաւատքի շնորհքին. եղէք ամենուրէք վկաները Քրիստոսի ուրախութեան եւ խաղաղութեան։ Քրիստոսի յարութիւնը, սիրեցեալ հիւանդներ, թող ըլլայ ձեզի համար աղբիւր սփոփանքի մխիթարանքի եւ յոյսի։ Եւ դուք սիրելի նորապսակեալներ, Յարուցեալին ներկայութիւնը ձեր առօրեայի մէջ ըլլայ գործօն եւ սնուցանէ ձեր ամուսնական սէրը։

Հուսկ Սրբազան Քահանայապետը բաշխեց իր հայրական օրհնութիւնը ։ Ժամը 12.15-ին ուղղաթիռով վերադարձաւ Գասդել Կանտոլֆոյի ամարանոցը։








All the contents on this site are copyrighted ©.