2011-04-27 14:47:46

ՅՊԲ.ի Մասունքը Պիտի Ցուցադրուի Երանացման Արարողութեան Ընթացքին։


Ըստ Վատիկանի մամլոյ գրասենեակի յայտարարութեան ՅՊԲի երանացման արարողութեան ընթացքին սրուակի մը մէջ դրուած անոր արիւնը հանրութեան պիտի ցուցադրուի։ՅՊԲ.ի արիւնը, իր կեանքի վերջին օրերուն առնուած ու պահուած էր Մանուկ Յիսուսի հիւանդանոցը, որպէսզի գործածուէր, այն պարագային երբ սրբազան քահանայապետի արեան ներարկումի կարիքը տեղի կ՝ունենար։ Եւ որովհետեւ երջանկայիշատակ ՅՊԲ պէտք չ՛ունեցաւ արեան ներարկումի, արիւնը պահուած մնաց ու այս առիթով պիտի դրուի խորանի վրայ ու ապա պիտի պահպանուի Վատիկանի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.