2011-04-27 14:48:00

Հռոմի Քաղաքապետարանի Ձեռնարկները Ի Տես Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի Երանացման Արարողութեան


Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի Երանացման արարողութեան առթիւ, Հռոմի քաղաքապետարանը եւս կը պատրաստուի նշելու Գարոլ Վոյթիուայի յիշատակը։ Արդարեւ 30 ապրիլէն մինչեւ 2 մայիս նախատեսուած են, ծիսական ձեռնարկներու կից՝ մշակութային զանազան միջոցառումներ ինչպէս նաեւ հազարաւոր հաւատացեալներու հիւրասիրութեան համար արտակարգ կազմակերպուած օրակարգ։

Հռոմ քաղաքը կ՛ուզէ մեծ շուքով տօնախմբել այս մեծ Քահանայապետին ՅՊԲ.ի յիշատակը, որ եղած է հռոմաբնակ հաւատացեալներուն սրտին խօսող քահանայապետ մը։

29 ապրիլէն մինչեւ 13 մայիս, Հռոմի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ պիտի սարքուի պատկերա-ցուցահանդէս մը նուիրուած՝ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի՝ <<Գարոլ՝ ժողովուրդներու քահանայապետը>> տիտղոսով։

28 ապրիլէն մինչեւ 25 սեպտեմբեր Մայրաքաղաքի Թանգարանի մէջ պիտի ցուցադրուին իրեր, պատկերներ ու նկարահանումներ, որոնք կը պատմեն ՅՊԲ.ի կեանքը։
Սոյն ցուցահանդէսը ապա պիտի փոխադրուի նաեւ Վարսավիա 17 մայիսէն մինչեւ 31 յուլիս 2011։

2 մայիսի երեկոյան՝ Հռոմի կեդրոնական Քաղաքապետարանի՝ ՜՜ Գամբիտոլիօ՝՝ հրապարակի վրայ, նախատեսուած է նուագահանդէս մը <<ՅՊԲ եւ Հռոմը. Յիշատաակ եւ Գոհաբանութիւն>> վերտառութեամբ։ Նուագահանդէսի ընթացքին նախատեսուած են ՅՊԲ մասին վկայութիւններ զոր պիտի կատարեն հայր Մասսիմօ Գամիզագան, Կարտինալ Սդանիսլավ Տժիվիչ, Անտրէա Րիգգարտին, հայր Լուչիօ Մարիա Ծաբբաթորէ, գերապայծառ Տոմէնիքօ Սիկալինի, Էլիօ Թոաֆ եւ Ժօագին Նավարրօ Վալսը։

Յովհաննէս Պօղոս Բ.ի երանացման արարողութեան առթիւ, հռոմի քաղաքապետարանը բացած է նաեւ ուխտաւորներու եւ հաւատացեալներու համար յատուկ տեղեկտու կայքէջ մը, ուր կարելի է գտնել զանազան կարեւոր տեղեկութիւններ ըլլայ միջոցառումներու մասին, ըլլայ նաեւ փոխադրական միջոցներու մասին, կայքէջին մէջ կարելի է գտնել նաեւ՝ հեռաձայնային թիւեր՝ բժշկական ու այլ հիմնարկներու ։
Հոն կարելի է գտնել նաեւ Հռոմ քաղաքի պատմական եւ արուեստական տեղեկութիւններ։ Կայքէջը, որ կազմուած է իտալերէն, անգլերէն, սպաներէն եւ Լեհերէն լեզուներով կը կարելի է գտնել այս հասցէին՝ ։
Յիշեցնենք Թէ Հռոմի Թեմը եւս բացած է յատուկ կայքէջ մը՝ www.karol-wojtyla.org հասցէով։








All the contents on this site are copyrighted ©.