Եւրոպական Միութիւնը Կը Քննադատէ Կարսի Հայ-Թրքական Բարեկամութեան Յուշարձանի Քանդումը։
«Հիւրրիյէթ» թրքական օրաթերթը կը գրէ, որ Եւրոպական Միութիւնը Կարսի մէջ հայ-թրքական
բարեկամութիւնը խորհրդանշող յուշարձանի քանդումին դէմ է: Յուշարձանը Թուրքիոյ վարչապետ
Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ «հրէշային» անուանուած էր: Թուրքիա-Եւրոպական Միութիւն
խորհրդարանական յանձնախումբի համանախագահ Հելեն Ֆլոթր յայտնած է, որ Յուշարձանը քանդելը
Յուշակոթողներու դէմ գրաքննութիւն մըն է եւ մտահոգիչ զարգացում մը: Հելեն Ֆլոթր նաեւ
ըսած է, որ յուշարձանը թուրքերուն եւ հայերուն միջեւ բարեկամութեան ծրագիր մըն էր, եւ
անոր քանդումը այդ պատգամին ջնջումը կը նշանակէ: