2011-04-27 14:39:11

Ապրիլեան Նահատակներու 96-ամեակի Ոգեկոչում՝ Ֆիլատելֆիոյ, Հռոմի, Պէյրութի Եւ Փարիզի Մէջ։


ֆիլատելֆիոյ Հայ Քոյրերու Վարժարանին մէջ ամէն տարի մեծ հանդիսութեամբ կը նշուի Եղեռնի Յուշատօնը: Այս տարի, Ապրիլ 24-ը, զուգադիպեցաւ Քրիստոսի Յարութեան փառապանծ Տօնին, նոր լոյս եւ յոյս ներշնչելով բոլորին: Յիսուս, իր մահով, նոր կեանք պարգեւեց մեզի, Հայ ժողովուրդը իր նահատակութեամբ՝ նոր ծնունդ եւ խոր հաւատք տուաւ Հայ ազգին: Անոնց մահով, Հայը կը շարունակէ ծաղկիլ ու բարգաւաճիլ մնալով թէ Քրիստոնեայ եւ թէ Հայ:
Հինգշաբթի, Ապրիլ 14-ին, տեղի ունեցաւ ոգեկոչումը խորհրդաւոր կերպով: Աշակերտները եւ ծնողներ ծաղիկներ զետեղեցին վարժարանի դալարագեղ շրջափակին յատկացուած եռանկիւնի մը մէջ, յիշելով մեր մէկ ու կէս միլիոն զոհերը: Ներկայ էին նաեւ Ֆիլատելֆիոյ հինգ եկեղեցիներու Հոգեւոր Հայրերը, որոնք եկած էին իրենց մասնակցութիւնը բերելու եւ խնկաբոյր աղօթք բարձրացնելու առ Աստուած: Ներկաները միասնաբար երգեցին ՜՜Տէրունական աղօթք՝՝ը, ՜՜Հանգչեցէք Դուք Անդորր՝՝, ՜՜Հայ Ապրինք Եղբարք՝՝ հոգեթով երգերը: Ապա ամէն ոք սրահ մտաւ շարունակելու յուշատօնը, որ պատրաստած էին ութերորդ դասարանի աշակերտները, իսկ Ապրիլեան երգերու փունջը՝ չորրորդէն մինչեւ 8րդ դասարանները:
Մոնթէսորիի փոքրիկներու արտասանած Ապրիլեան նահատակներուն ուղղուած ոտանաւորէն ետք, ութերորդ դասարանի աշակերտներէն ոմանք ներկայացուցին դրուագ մը այս դարու ընտանիքի կեանքէն, ուր զաւակները Ապրիլ 24-ի օրը կը պատրաստուէին չմշկելու երթալ. սակայն իրենց հօր եւ մեծ մօր աղաչանքներով եկեղեցի կ՝երթան եւ տեսնելով Հայ ժողովուրդին աղօթքները կը յուզուին եւ տոգորուած բարի զգացումներով եւ նահատակներուն հոգիով, կ՝ուզեն իրենք եւս մասնակցիլ նահատակներուն նուիրուած յայտագրին՝ հրաժարելով իրենց ծրագրած պտոյտէն:
Այս դրուագի ներկայացումէն ետք , լսելի եղան ՜՜Փառք Յարութեան Հայ Ժողովուրդ՝՝ ոտանաւորը որուն հեղինակն է Անարատ Յղութեան հայ քոյրերէն հանգուցեալ Քոյր Արշակուհին, եւ Պարոյր Սեւակի ՜՜Մենք Քիչ ենք Սակայն, Մեզ Հայ են Ասում՝՝ը:
Ապա տեղի ունեցաւ Հոգեհանգստեան Պաշտօնը առաջնորդութեամբ Արժ. Տէր Ներսէս Ա. Քհն. Մանուկեանին, հոգեւոր հովիւը՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ, որ նաեւ փակման խօսքը ուղղեց աշակերտներուն, ծնողներուն եւ շեշտեց կրօնական եւ ազգային կարեւորութիւնը։
Հռոմի մէջ, Յիսուսի Ս. Յարութեան ու Ապրիլեան Նահատակաց տօնակատարութիւնը սկիզբ առաւ ժամը 11-ին՝ Ս. Նիկողայոսի անուան Հայոց Եկեղեցւոյ մէջ, Հայածէս ձայնաւոր Ս. պատարագով, զոր մատոյց գերյարգելի Հ. Գէորգ Ծ. Վրդ. Նորատունկեան մեծաւորը՝ Հռոմի Լեւոնեան հայ վարժարանին, Սրբազան երգեցողութիւնը կատարեց Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու եւ Լեւոնեան վարժարանի ժառանգաւորաց երգչախումբը։ Ներկայ էր Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան ընդհանուր Մեծաւորուհին՝ մայր Եւտոքսիա Քէշիշեան եւ միաբանակից քոյրերը, ինչպէս նաեւ՝ Իտալիոյ մօտ Հ Հ արտակարգ եւ լիազօր դեսպանը՝ Տիար Ռուբէն Կարապետեան եւ կողակիցը ու նաեւ դեսպանատան ամբողջ անձնակազմը, Հռոմի Հայ Համայնքի Խորհուրդի՝ ու ՜՜Զարթօնք՝՝ տիկնանց յանձնախումբի անդամները եւ հայ եւ իտալացի հոծ բազմութիւն մը։
Այս առթիւ պատարգիչ վարդապետը իր քարոզին մէջ խօսելով Յիսուսի Յարութեան խորհուրդին շեշտը դրաւ նաեւ Հայ նահատակներու Յարութեան վրայ վեր առնելով մեր մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն զոհաբերումը...
Պատարագէն ետք ներկաները թափորով ուղղուեցան Ս. Նիկողայոս հրապարակը ուր նահատակաց նուիրուած Խաչքարին ու յուշաքարին առջեւ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօնը, որմէ ետք Գերյարգելի Հայր Գէորգ Ծ Վ Նորատունկեան անդրադարձաւ հայ նահատակներուն մեզի փոխանցած պատգամին որմէ ետք խօսեցաւ նաեւ տիար Ռուբէն Կարապետեանը՝ Հ Հ արտակարգ եւ լիազօր դեսպանը . նշենք թէ միշտ Հռոմի մէջ, եւ Ապրիլեան նահատակներուն 96-ամեակին առիթով 20 ապրիլին «Իտալիա¬Հայաստան» խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Սանտրա Զամբա Իտալիոյ խորհրդարանի երեսփոխաններու տան եւ ծերակոյտին մէջ անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան` առաջարկելով, որ «Ապրիլ 24-ը Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր յայտարարուի Իտալիոյ մէջ»: Նիստին նախագահող ծերակոյտի նախագահ Վ. Քիթի նշեց, որ «այս հարցին գծով լռութիւնը անթոյլատրելի է եւ հայերուն ապրած ողբերգութեան յիշատակումը կարեւոր է ապագային նման բանի մը կրկնութեան առաջքը առնելու եւ մարդու իրաւունքներու խախտումը չթոյլատրելու համար»:
Ի դէպ, 19 ապրիլին Հայոց Ցեղասպանութեան 96-ամեակին առիթով Իտալիոյ խորհրդարանի երեսփոխաններու տան «Ռեֆեթթորիօ» պատմական սրահին մէջ (Հռոմ) տեղի ունեցաւ շնորհահանդէսը 1913-1916 թուականներուն Օսմանեան կայսրութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Հենրի Մորկընթաուի «Օրագիր» գիրքին, որ առաջին անգամ ըլլալով թարգմանուած եւ հրատարակուած է իտալերէնով:
Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Ռուբէն Կարապետեան այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ նշեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը կարեւոր է ո՛չ միայն Հայաստանի, այլ նաեւ Թուրքիոյ համար, որովհետեւ վերջինս իր սեփական պատմութեան հետ հաշտուելու անկարող ըլլալով` կը փորձէ զայն խեղաթիւրել ու հերքել: Խօսք առին նաեւ դասախօսներ փրոֆ. Մարչելլօ Ֆլորես եւ դոկտ. Ֆրանչեսքօ Պերտի:
Պէյրութի մէջ, հովանաւորութեամբ՝ հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին եւ մասնակցութեամբ՝ հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութիւններուն, միութիւններուն եւ վարժարաններուն, երկուշաբթի 25 ապրիլի՝ յետ միջօրէին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանի բակին մէջ, Ապրիլեան նահատակներու 96րդ յիշատակին, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան Ս. Պատարագ, նախագահութեամբ՝ ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքին, առընթերակայութեամբ Հ. Գրիգոր վրդ. Պատիշահի եւ Տ. Աւետիք վրդ. Յովհաննէսեանի: Այս հոգեհանգստեան արարողութեան իրենց մասնակցութիւը բերին նաեւ Պէյրութի պատրիարքական թեմի կղերը, լիբանանահայ պետական երեսփոխաններ, բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ եւ հաւատացեալներ:
Օրուան պատգամը փոխանցեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ – Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ փոխ-ժողովրդապետը՝ տէր Րաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեան մէջբերելով
Գրիգորիս Ծ. Վրդ. Պալաքեանի ՜՜ Հայ գողգոթան՝՝ գիրքէն այս համարը. «Եթէ երկրագնդիս բոլոր ծովերը թանաք (մելան), դաշտերը թուղթ եւ եղէգները գրիչ դառնային, դարձեալ մարդկօրէն անհնար է նկարագրել (հայ ազգի) փշալից եւ արիւնալի վերելքը դէպի կատարը հայ գողգոթային» ըսաւ որ անկարելի է նկարագրել Ապրիլ 24-ի ահաւոր վկայաբանութիւնը մէկ ու կէս միլիոնէ աւելի հայորդիներուն։
Պատարագէն ետք ներկաները, ընկերակցութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի շեփորախումբին, ուղղուեցան դէպի հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի բակը եւ հաւաքուեցան Մեծ Եղեռնի նահատակներու յուշակոթողին շուրջ, ուր ամենապատիւ Հոգեւոր տէրը կատարեց հոգեհանգստեան պաշտօնը: Ապա տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում:
Փարիզի մէջ,Ապրիլեան Նահատակաց ոգեկոչման կ՝անդրադառնայ Գերապատիւ Հայր Գէորգ Վրդ. Ասատուրեան ժողովրդապետը՝ Փարիզի հայ կաթողիկէ համայնքին։ RealAudioMP3











All the contents on this site are copyrighted ©.