«Մեր Հայ Եղբայրներուն Նահատակութիւնը Ամօթի Խարան Մըն է Ոճիրը Գործողներու Ճակտին»
Ըսաւ Պշարա Ռայի Պատրիարքը
«Մեր հայ եղբայրներուն նահատակութիւնը ամօթի խարան մըն է ոճիրը գործողներու ճակտին»,
յայտնեց մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ` պատասխանելով «Վանայ Ձայն»ի արաբերէն
բաժինի հարցումներուն: «Յարութեան այս օրերուն, երբ կ՛անդրադառնանք հայոց նահատակութեան,
պատմական ըմբռնումով անիկա Ցեղասպանութիւն է, սակայն քրիստոնէական դիտանկիւնէն` վերածնունդ
է հայութեան համար», հաստատեց Ռայի պատրիարքը` ողջունելով հայ եկեղեցին ու հայ ժողովուրդը: Մարոնիներու
պատրիարքը բարձր գնահատեց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայորդիներու յարաճուն կամքը, «երբ
անոնք ամէն տարի չեն մոռնար ոգեկոչելու իրենց նահատակներուն յիշատակը»: «Այսուհանդերձ,
հարկ է չարը փոխարինել բարիով, քանզի ա՛յս է մեր առաքելութիւնը», եզրափակեց Ռայի պատրիարքը: