2011-04-26 11:55:27

Օսսերվաթորէ Րոմանօ Վատիկանի Կիսապաշտօն Օրաթերթը Մայիս Մէկին Կը Հրատարակէ Յատուկ Թիւ Մը Նուիրուած ՅՊԲ Քահանայապետին։


Վատիկանի կիսապաշտօն օրաթերթը Օսսերվաթորէ Րոմանօ, մայիս մէկի թիւը ամբողջութեամբ կը նուիրէ ՅՊԲ Քահանայապետին, անոր երանացման արարողութեան առթիւ։ 100 էջնոց գունաւոր հատոր մը որ կը հրատարակուի 7 լեզուներով եւ որուն մէջ, ՅՊԲ.ի կտակէն զատ , կը գտնենք անոր յուղարկաւորութեան ընթացքին Կարտինալ Ռացցինկէրի արտասանած քարոզը , ինչպէս նաեւ՝ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի ճառերը ՅՊԲ մասին, ու Գարոլ Վոյթիլայի գրութիւնները, ճառերը եւ հարցազրոյցներ։ Յատուկ հաւաքածոյ մը հարուստ նաեւ՝ գունաւոր նկարներով։








All the contents on this site are copyrighted ©.