2011-04-26 11:56:07

Նարեկացի Երգչախումբի Համերգը Հալէպի Մէջ-Սուրիա։


Սուրիոյ հայաշատ քաղաք՝ Հալէպի hայ երեք համայնքապետերու հովանաւորութեամբ, եւ ի յիշատակ խմբավար եւ սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ դպրապետ եւ երգահան պրն. Պօղոս Ապաճեանի մահուան երկրորդ տարելիցին, ողբացեալին հիմնած ՜՜Նարեկացի՝՝ երգչախումբը ներկայացուց, եւրոպական եւ հայկական երգեր,
ղեկավարութեամբ`գերապատիւ Հ. Եղիշէ վրդ. Ճէնճիի: Համերգին ելոյթ ունեցաւ նաեւ «Լոյս» երգչախումբը ղեկավարութեամբ՝ Լեւոն Ապաճեանի որ կրտսեր որդին է
հանգուցեալ պրն. Պօղոս Ապաճեանին։
Համերգը տեղի ունեցաւ (Նոր Գիւղ՝ հայկական շրջանի) հայ հաթողիկէ սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ, անոր ներկայ գտնուեցան Բերիոյ թեմի կաթողիկէ հայոց առաջնորդ՝ արհի. տէր Պետրոս արք. Միրիաթեան, Սուրիոյ քահանայապետական նուիրակ գերապայծառ Մարիօ Ծեննարին, հոգեշնորհ վարդապետներ եւ հոծ բազմութիւն մը:
Բացման խօսքը արտասանեց Օր. Մարալ Աբրիքեան որմէ ետք համերգի առաջին բաժինը ընդգրկեց Մոզարդի «Requiem KV 626»ը, եւ Խոլլիօ Caccini «Ave Maria»ն: Ապա համերգի երկրորդ բաժինով Լեւոն Ապաճեանի կողմէ կազմուած ՜՜Լոյս՝՝ երգչախումբը երգեց ծոմապահութեան եւ կարգ չարչարանաց քրիստոնեայ այլազան համայնքներու ծիսակարգէն կտորներ. դաշնամուրի ընկերակցութեամբ՝ տիկ. Նորա Սարգիսեան-Մարտինիի:
Ներկաներու ծափողջոյններու հետ նաեւ տեղի ունեցաւ շնորհաւորագրերու ընթերցումը, որմէ ետք հայր Եղիշէ վարդապետը(մայեսթրոն) իր սրտի խօսքը արտասանեց շնորհակալութիւն յայտնելով Աստուծոյ իր պարգեւած շնորհքներուն համար, ապա նաեւ բոլոր անոնց որոնք նպաստեցին այս համերգին յաջողութեան ի յիշատակ մեծ երաժշտագէտ-ղեկավար Պօղոս Ապաճեանին։
Խօսք առաւ նաեւ քահանայապետական նուիրակ՝ գերապայծառ Մարիօ Ծեննարին որ ըսաւ. ՜՜Թէեւ չեմ հասկնար ոչ հայերէն եւ ոչ արաբերէն, սակայն այսօր ամէն ինչ իմացայ որովհետեւ երաժշտութիւնը միջազգային լեզու է եւ հոգին կը ներթափանցէ ու Աստուծոյ կը մօտեցնէ: Ձեզի կը փոխանցեմ սրբզ. քահանայապետին առաքելական օրհնութիւնը եւ ձեզի կը մաղթեմ նորանոր յաջողութիւններ՝՝։
Իսկ համերգի աւարտին Արհի. Պետրոս արք. Միրիաթեան փոխանցեց իր պատգամը.
ըսելով. ՜՜Մեր եկեղեցական բառամեթրքին մէջ` կ’ըսենք. «արժան եւ իրաւ»:
Այսօր նոյն խօսքերը կը կրկնեմ այս հոյակերտ տաճարին սրբատաշ կամարներուն ներքեւ: «Արժան եւ իրաւ», որ կը յիշուի մայեսթրօ Պօղոս Ապաճեան իր մահուան երկրորդ տարելիցին առիթով: Հալէպի գաղութը երախտագիտութեամբ կը յիշէ անոր վաստակը: «Արժան եւ իրաւ», որ «Նարեկացի» երգչախումբը կը վերակենդանանայ եւ կը շարունակէ իր երթը նոր խանդավառութեամբ եւ նոր շունչով: «Արժան եւ իրաւ», որ «Նարեկացի» երգչախումբը ղեկավարելու հրաւիրուեցաւ Հ. Եղիշէ վրդ. Ճէնճին, որ իր երաժշտական ձիրքերով եւ շնորհալի ներկայութեամբ պիտի բանայ նոր հորիզոններ եւ պիտի առաջնորդէ բոլոր անդամները դէպի յառաջ: «Արժան եւ իրաւ», որ Լեւոն Ապաճեան ընթանայ իր հօր շաւիղէն եւ ղեկավարէ ՜՜Լոյս՝՝ երգչախումբը եկեղեցական միջ միութենական հոգիով: Բարի վերադարձ եւ բարի երթ դէպի լուսաշող ապագան». ըսաւ Գերապայծառը, ապա, առ ի գնահատանք մայեսթրօ Հ. Եղիշէ վրդ. Ճէնճիին, յուշանուէր մը յանձնեց ՜՜Կոմիտաս վարդապետի տախտակէ կիսանդրին՝՝: Հուսկ՝ ՜՜Պահպանիչով՝՝ վերջ գտաւ ՜՜Նարեկացի՝՝ եւ ՜՜Լոյս՝՝ երգչախումբերու ելոյթները:








All the contents on this site are copyrighted ©.