2011-04-26 11:55:16

Յառաջիկայ 4 Մայիսին Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը Արբանեակի Միջոցաւ Պիտի Կապուի Անջրպետային Կայանի հետ։


Էնտիավուր Շադդըլի վերջին ճամբորդութեան առթիւ՝ Պենետիկրոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը, յառաջիկայ 4 մայիսին ժամը 17.30-ին արբանեակի միջոցաւ պիտի կապուի Անջրպետային Կայանի հետ, այսպէս կը հաղորդագրէ Քահանայապետական Տան հոգաբարձութիւնը նշելով նաեւ թէ՝ իտալական անջրպետային գործունէութեան պատմութեան մէջ, ասիկա երկրոդ անգամն է որ երկու իտալացի աստղանաւորդներ իրարու կը հանդիպին։
Գնդապետ Ռոպերդ Վիթթորի, իր հետ պիտի տանի Սրբազան պապին նուիրած Արծաթեայ մետալը ու պիտի հանդիպի ճարտարագէտ Բաուլօ Նէսբոլիի եւ զանազան երկիրներէ բաղկացած անձնակազմի անդամներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.