2011-04-26 11:55:49

Հսկումի երեկոյ Մեծ Եղեռնի նահատակներու յիշատակին


Պէյրութ, Լիբանան
Կազմակերպութեամբ հայ կաթողիկէ համալսարանականներու միութեան (ՀԿՀՄ), շաբաթ, 23 ապրիլ 2011-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, տեղի ունեցաւ Մեծ Եղեռնի նահատակներու 96-րդ յիշատակին նուիրուած հսկումի երեկոյ, նախագահութեամբ ամենապատիւ Հոգեւոր տիրոջ եւ մասնակցութեամբ հոգեւորականներուն, Հայաստանի դեսպան պրն. Աշոտ Քոչարեանին, Լիբանանահայ քաղաքական ու մտաւորական անձնաւորութիւններուն, հայ կաթողիկէ միութիւններուն, վարժարաններուն եւ հաւատացեալներուն։
Հսկումին խօսք առին՝ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպան պրն. Աշոտ Քոչարեան, Վանայ Ձայնի տնօրէն պրն. Աւետիս Կիտանեան, Արարատ թերթի դիւանապետ պրն. Ալեքսան Քէօշքերեան եւ տիկին Լորա Նաանու “Թելէ Լումիէր” հեռուստատեսիլի կողմէն։ Արտասանուած խօսքերը վերյիշեցին Մեծ Եղեռնի 96-րդ յիշատակը, շեշտելով հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ փոխ-յատուցման վրայ։
Հայաստանի դեսպանը իր խօսքին մէջ նշեց, որ հայոց դէմ գործուած անմարդկային ոճիռը մտադրեց բնաջնջել ամբողջ ազգ ու մշակոյթ մը, սակայն հայ ժողովուրդը վերապրեցաւ եւ իր դատը միջազգային ատեաններ բարձրացուց։ Ան նկատել տուաւ, որ հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը եւ դատապարտութիւնը պատմական արդարութեան վերականգնումն է հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի համար։ Ան յոյս յայտնեց, որ հայութիւնը կը շարունակէ նահատակներուն վսեմ առաքելութիւնը՝ ապրելու յանուն բարիին ու գեղեցիկին, հայ ազգային ձգտումներուն եւ մարդկային արժէքներուն։
Աւետիս Կիտանեան իր արաբերէնով խօսքին մէջ յայտնեց, որ Ապրիլեան Մեծ Եղեռնի յիշատակութիւնը լալու կամ ողբալու համար չէ այլեւս, այլ շարժառիթ մըն է - ինչպէս որ ըսաւ- գիտակցութիւնը ստեղծելու միջազգային հանրութեան մօտ այս անտեսուած դատին նկատմամբ, վերջ դնելու համար այն անտարբերութեան որ կը մեկնի սեփական շահերէն։ Ան նաեւ անդրադարձաւ ներկայիս թրքական մշակոյթի քարոզչական մղուած արշաւին, որ ընդունելի կը դառնայ բոլորին կողմէ, մոռնալով Թուրքիոյ արիւնալի անցեալն ու բռնատիրական քաղաքականութիւնը։ Ան այս առիթով թելադրեց գործել աւելի քան խօսիլ դիմագրաւելով նոր մարտահրաւէրները, որովհետեւ հայ դատին յարութիւնն ու յաղթանակը մօտալուտ է հայոց միասնակութեամբ եւ զօրութեամբ։
Ալեքսան Քէօշքերեան իր կարգին յայտնեց, որ 20-րդ դարու սկիզբը՝ հայ ժողովուրդին դէմ տեղի ունեցած ցեղասպանութիւնը ահռելի հետեւանքներ ունեցաւ հայ ազգի յիշողութեան ու զարգացման վրայ։ Սակայն ան նոյնպէս նշեց, որ հայ դատը վաւերական ու ճշմարիտ բնոյթ ունի, եւ վերջ ի վերջոյ արդարութիւնը պիտի յաղթահարէ բոլոր ժխտումի փորձերուն։ Ան յատուկ կերպով ուղղուեցաւ երիտասարդ սերունդին, անոնց կոչ ուղղելով զինուիլ արդիական գիտութեամբ ու քաջութեամբ պայքարելու բոլոր հակաքարոզչութիւններուն դէմ եւ ամուր կեցուածք որդեգրելու միջազգային հանրութեան առջեւ։ Ինչպէս նաեւ Քէօշքերեան յիշեցուց, թէ հայ ժողովուրդը բարոյական եւ համամարդկային մեծ արժէքներու տէր է, որովհետեւ ան նաեւ 300 հազար նահատակներ տուած է Եւրոպայի ազատագրութեան եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան համար։ Իր խօսքի աւարտին կարեւոր նկատեց հայ ժողովուրդին միասնական ոյժն ու կեցուածքը երկարաշունչ պայքարը շարունակելու եւ յաղթելու համար։
“Թելէ Լումիէր” հեռուստատեսիլէն բեմադրիչ՝ տիկին Լորա Նաանու խօսեցաւ հայոց ցեղասպանութեան իրականութեան մասին, յայտնելով որ կարելի չէ ճշմարտութիւնը պահել եւ անմարդկային ոճռագործութիւններուն դիմաց լռել։ Հայոց դատը -ըսաւ ան- ամէն մարդու դատն է, ամէն անհատի, որ կ'ուզէ պահել Արեւելքը իր քրիստոնեաներով առանց բռնութեան։ Ապա տիկին Լորա Նաանու խօսեցաւ այն վաւերագրական տեսաերիզիններուն մասին, որ “Թելէ Լումիէր” հեռուստատեսիլը պատրաստած է հայոց ցեղասպանութեան մասին, այցելելով Արեւելահայաստանը եւ Արեւմտահայաստանը (եւ արեւմտեան Թուրքիան) աւելի մօտէն տեսնելու համար ներկայ իրավիճակը այն շրջաններուն, ուր ջարդերն ու տեղահանումները տեղի ունեցան։
Խօսքերուն ընդմիջեցին գեղարուեստական ներկայացումներ Հռիփսիմեանց, Գ. Հարպոյեան եւ Մեսրոպեան վարժարաններու աշակերտութեան կողմէ։
Հսկումի աւարտին ամենապատիւ Հոգեւոր տէրը հանգուցելոց պաշտօնը կատարեց Մեծ Եղեռնի բիւրաւոր նահատակներու յիշատակին։








All the contents on this site are copyrighted ©.