2011-04-26 12:08:19

Հայաստանի եւ Սփիւռքի Մէջ Յարգանքի Տուրք՝Մեր Անմոռանալի 1.5 Միլիոն Նահատակներու Յիշատակին։


Հայաստանի եւ Սփիւռքի Մէջ Յարգանքի Տուրք՝Մեր Անմոռանալի 1.5 Միլիոն Նահատակներու Յիշատակին։
Հայաստան։
Կիրակի, 24 ապրիլի կանուխ առաւօտուն արդէն իսկ հայորդիներու բազմութիւն մը սկսած էր ուղղուիլ Ծիծեռնակաբերդ` իր յարգանքի տուրքը մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն նահատակներուն, խոնարհելու անմար կրակին դիմաց եւ ծաղիկ մը զետեղելով խոստանալու շարունակել պահանջատիրական երթը:
Եղեռնի Նահատակներուն յիշատակը յաւերժացնող յուշարձան այցելեցին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան,  Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս, Ազգային Ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան, վարչապետ Տիգրան Սարգսեան, կառավարութեան անդամներ, պատգամաւորներ եւ դեսպաններ:
Նախագահը ծաղկեպսակ զետեղեց յուշարձանին առջեւ, իսկ Գարեգին Բ. կաթողիկոս հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարեց Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն համար, ինչպէս նաեւ յիշեց Յիսուսի Յարութիւնը:
Մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամեր ժողովուրդին հոսքը չդադրեցաւ, իսկ ծաղիկներու թէզը բարձրացաւ ու բարձրացաւ` ի յարգանս մեր նահատակներուն:
23 ապրիլին Երեւանի «Ֆրանսա»ի հրապարակէն ընթացք առաւ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան կազմակերպած ջահերթը` դէպի Ծիծեռնակաբերդ: Աւանդական դարձած այս ջահերթը յարգանքի տուրք է հայ ժողովուրդի մէկուկէս միլիոն նահատակներուն նկատմամբ, ինչպէս նաեւ պահանջ` հայկական իրաւունքներու ձեռքբերման:
Տասնեակ հազարաւոր անձեր միացան ջահերթին` եռագոյններով, Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող եւ հատուցում պահանջող պաստառներով, ինչպէս նաեւ անմար ջահերով, հաստատ քայլերով ու կազմակերպուած շարքերով ուղղուելով դէպի Ծիծեռնակաբերդ:
Այս առիթով ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեան արտասանած իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ ջահերով երթը հայ ժողովուրդի միասնականութեան խորհրդանիշն է, իսկ կրակը կը մարմնաւորէ հայ ժողովուրդի ոգին եւ միութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր յաւերժական պայքարը:
Նշենք, որ ջահերթեր տեղի ունեցան նաեւ Հայաստանի 13 քաղաքներուն մէջ:
Թուրքիա։Պոլիս։
24 ապրիլի զոհուածներու յիշատակի ոգեկոչման նպատակով( ինչպէս անցեալ տարի), այս տարի եւս ցոյց մը կազմակերպուեցաւ Պոլսոյ կեդրոնական Թաքսիմ հրապարակին վրայ` 24 ապրիլի երեկոյեան ժամը 5:00-էն ետք: Մօտաւորապէս 500 մասնակիցներ, որոնց մէջ կային նաեւ հայեր, Թաքսիմի հրապարակին վրայ նստացոյց կատարեցին եւ առանց խօսքեր արտասանելու հայերէն երգեր ունկնդրեցին:
Ցոյցին ընթացքին բարձրացուած պաստառներուն վրայ հայերէնով, թրքերէնով, քրտերէնով, ֆրանսերէնով ու անգլերէնով գրուած էր. «Այս ցաւը մեր բոլորին ցաւն է»: Կազմակերպիչներուն անունով խօսք առաւ Տիկին Զէյնապ Թանպայ, որ բացատրեց, թէ ի՛նչ կը նշանակէ 24 ապրիլ: Ան ըսաւ, որ ասիկա այն թուականն է, երբ դարերէ ի վեր հոս միասնաբար ապրող հայերը` մանուկ, կին, ծերունի, հիւանդ կամ անկար, անխտիր, պարզապէս հայ ըլլալնուն համար աքսորուեցան, հարիւր հազարներով սպաննուեցան:
Թանպայ ըսաւ, որ 1915-էն ի վեր պետութիւնը կը ջանայ քօղարկել այս խնդիրը կամ թեթեւցնել` զայն ներկայացնելով իբրեւ օրինաւոր գործողութիւն, բայց այս մահացու աքսորը մարդկութեան դէմ ոճիր էր: Անոր համաձայն, այնքան ատեն որ թրքական պետութիւնը կը շարունակէ իր հերքման պաշտօնական քաղաքականութիւնը, «վէրքերը աւելի պիտի խորանան, ալ աւելի պիտի անդամալուծուին մեր միտքերն ու խիղճերը: Այլեւս վերջ պէտք է տրուի այս կացութեան: Այս պատճառով է, որ շատ ուշացած պարտականութեան մը կը հրաւիրենք այս երկրի բոլոր այն մարդիկը, որոնք մաքուր ճակատ ու խղճմտանք ունին: Զանոնք կը հրաւիրենք մեզի միանալու, որպէսզի յայտնենք, թէ այս ցաւը մեր բոլորին ցաւն է», ըսաւ Թանպայ:
Ապա աքսորուած հայ մտաւորականներէն շատերուն անունները մէկ առ մէկ կարդացուեցան եւ մասնակիցներուն հաց բաշխուեցաւ` իբրեւ սուգի մասնակցութիւն:
Նոյն օրը երեկոյեան Թաքսիմի հրապարակին վրայ «Պոլսոյ թրքական միութեան բեմահարթակ» անունը կրող խմբակ մը Ապրիլ 24-ի վերաբերող ցոյց մը կատարեց` հակահայ մօտեցումով:
Հնդկաստան ։
Հայոց ցեղասպանութեան 96-ամեակին առիթով 24 ապրիլին Կալկաթայի մէջ բարձրացուեցաւ աղօթք` շուրջ երեք հարիւր հոգիի կողմէ, որոնք համախմբուած էին յարգելու մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յիշատակը: Այս նախաձեռնութիւնը յատկանշական էր քիչ թիւ հաշուող հնդկահայ համայնքին համար: Այս տարի, ի յարգանս Մեծ Եղեռնի նահատակներուն, ձեռնարկին կազմակերպիչները հրաւիրած էին հնդկահայոց հոգեւոր հովիւ, Հայոց մարդասիրական Ճեմարանի կառավարիչ Խորէն քհնյ. Յովհաննիսեանը` աղօթելու եւ օրուան պատգամը փոխանցելու:
Հանդիսավար անկլիքան հոգեւորական Էնտրիւ Սիմիք յայտնեց, որ այս տարի Ս. Զատկուան տօնը կը համընկնի Հայոց ցեղասպանութեան 96-ամեակին եւ բոլոր մասնակիցները հրաւիրուած են աղօթելու մէկուկէս միլիոն հայ նահատակներուն համար:
Ուքրանիա ։ Հայոց Ցեղասպանութեան 96-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկներուն ծիրին մէջ, 22 ապրիլին Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցած է կլոր սեղան մը` «Հայոց ցեղասպանութիւնը` իբրեւ յանցագործութիւն մարդկութեան նկատմամբ» նիւթով:
Ուքրանիոյ հայերու միութեան եւ Հայաստանի դեսպանատան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցած սոյն կլոր սեղանի աշխատանքներու զրուցավարը եղած է Հայաստանի մէջ Ուքրանիոյ նախկին դեսպան Ալեքսանտր Պոժքօ, որ խիստ բարձր գնահատած է Ուքրանիոյ ժողովուրդին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան գծով ցուցաբերուող սոյն մօտեցումը:
Իտալիա- Պերկամօ։
22 ապրիլին Պերկամոյի քաղաքապետարանին նախաձեռնութեամբ նահանգի պատմական սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 96-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ մը, որուն ներկայ գտնուեցան քաղաքապետի ներկայացուցիչը, մեծաթիւ բազմութիւն մը, մեծամասնութիւնը` օտար ակադեմականներ, մտաւորականներ, պատմաբաններ եւ այլն:
Հայոց ցեղասպանութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ իրավիճակին եւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին մասին խօսեցան երեք իտալացի դասախօսներ:
Պատմաբան Ալտօ Ֆեռարի լայնօրէն անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան, հայութեան դէմ գործադրուած սպանդին` բացատրելով, թէ ինչպէ՛ս, ի՛նչ պատճառներով տեղի ունեցան 1915¬ի դէպքերը Ան հաստատեց, որ տեղի ունեցածը ցեղասպանութիւն էր: Երկրորդ դասախօսութիւնը ներկայացուց Լոմպարտա նահանգի տնտեսական յանձնախումբի նախագահ Քարլօ Սափիոթի, որ 17 անգամ այցելած է Հայաստան. Լեռնային Ղարաբաղի մասին գիրք¬ուսումնասիրութիւն պատրաստած գրագէտ Էմմանուէլ Ալիփրանտի հաստատեց, որ բազմաթիւ տուեալներ կան Ղարաբաղի անկախ հանրապետութիւն ըլլալու իրաւունքը շեշտող: Ան խօսեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին մասին` նշելով, որ ան պէտք է անկախ պետականութիւն ունեցող երկիր դառնայ:
- (Հռոմ)20 ապրիլին «Իտալիա¬Հայաստան» խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Սանտրա Զամբա Իտալիոյ խորհրդարանի երեսփոխաններու տան եւ ծերակոյտին մէջ անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան` առաջարկելով, որ «Ապրիլ 24-ը Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր յայտարարուի Իտալիոյ մէջ»:Նիստին նախագահող ծերակոյտի նախագահ Վ. Քիթի նշեց, որ «այս հարցին գծով լռութիւնը անթոյլատրելի է եւ հայերուն ապրած ողբերգութեան յիշատակումը կարեւոր է ապագային նման բանի մը կրկնութեան առաջքը առնելու եւ մարդու իրաւունքներու խախտումը չթոյլատրելու համար»:
-(Հռոմ) 19 ապրիլին Հայոց Ցեղասպանութեան 96-ամեակին առիթով Իտալիոյ խորհրդարանի երեսփոխաններու տան «Ռեֆեթթորիօ» պատմական սրահին մէջ տեղի ունեցաւ շնորհահանդէսը 1913-1916 թուականներուն Օսմանեան կայսրութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Հենրի Մորկընթաուի «Օրագիր» գիրքին, որ առաջին անգամ ըլլալով թարգմանուած եւ հրատարակուած է իտալերէնով:
Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Ռուբէն Կարապետեան այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ նշեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը կարեւոր է ո՛չ միայն Հայաստանի, այլ նաեւ Թուրքիոյ համար, որովհետեւ վերջինս իր սեփական պատմութեան հետ հաշտուելու անկարող ըլլալով` կը փորձէ զայն խեղաթիւրել ու հերքել:
Խօսք առին նաեւ դասախօսներ փրոֆ. Մարչելլօ Ֆլորես եւ դոկտ. Ֆրանչեսքօ Պերտի:
Աթէնք Եւ Թեսաղոնիկէ ։
Հայոց Ցեղասպանութեան 96-ամեակի ոգեկոչման առիթով 16 ապրիլէն սկսեալ Աթէնքի եւ Թեսաղոնիկէի մէջ տեղի ունեցան շարք մը ձեռնարկներ` կազմակերպութեամբ յունահայ համայնքի կառոյցներու, մասնաւորապէս ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական կոմիտէի, Ռամկավար ազատական կուսակցութեան եւ անոնց կառոյցներուն` Հայ Դատի յանձնախումբին եւ Հայ իրաւանց խորհուրդի անդամներու համագործակցութեամբ եւ մասնակցութեամբ Յունաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան: Յունաստանի ցամաքային զօրքերու «Էվելփիտոն» զինուորական ակադեմիայի հայ զինուորները կազմած էին պատուոյ պահակախումբ: Կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` Յունահայոց թեմի առաջնորդ Խորէն եպս. Տողրամաճեանի գլխաւորութեամբ: Խօսք առին Յունաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Գագիկ Ղալաչեան,
Արժանթին ։
Հայոց Ցեղասպանութեան 96-ամեակի ոգեկոչման նախօրեակին, Արժանթինի խորհրդարանի վերին պալատը անգամ մը եւս յատուկ յիշատակութեամբ դատապարտեց Մեծ եղեռնի հեղինակները:
Ծերակուտականներ Տանիել Ֆիլմուսի, Ռուպեն Ժուսթինեանիի, Էրնեսթօ Սանսի եւ Սոնիա Էսքութերոյի նախաձեռնութեամբ իրագործուած այս քայլով, Արժանթինի Ազգային ծերակոյտը վերահաստատեց Ապրիլ 24-ը «Հանդուրժողականութեան եւ ազգերու միջեւ յարգանքի օր» հռչակելու իր նախորդ մէկ որոշումը:
Որոշումի յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի. «Ազգային ծերակոյտը կը դատապարտէ ՄԱԿ-ի 1948 թուականի «Ցեղասպանութեան կանխարգիլման եւ պատիժի մասին» ուխտով նախատեսուած բոլոր ձեւերն ու անհանդուրժողականութեան եւ Ցեղասպանութեան ժխտումին ուղղուած բոլոր դրսեւորումները եւ իր համերաշխութիւնը կը յայտնէ արժանթինահայ համայնքին»:
Հոլլանտա։
- Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» երիտասարդական միութեան, 23 ապրիլին ջահերով երթ տեղի ունեցաւ դէպի Հոլանտայի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատուն:
- Կազմակերպութեամբ Հոլանտայի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ Ալմելոյի Գ. Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ, նաեւ ՀՄԸՄ-ի վարչութիւններուն, 22 ապրիլին Ալմելոյի «Գ. Կիւլպենկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 96-ամեակին նուիրուած յիշատակի երեկոյ:
Ձեռնարկէն առաջ ծաղկեպսակներ զետեղուեցան եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն նուիրուած յուշարձանին առջեւ:
Ամասթերտամ եւ Ասսեն ։
Հայոց ցեղասպանութեան 96-ամեակի ոգեկոչման յատուկ արարողութիւն տեղի ունեցած է 24 ապրիլի օրը` Ամսթերտամի եւ Ասսենի մէջ:
Արդարեւ, Հոլանտայի մէջ Հայաստանի դեսպան Ձիւնիկ Աղաջանեան Ցեղասպանութեան զոհերու խաչքարին մօտ համախմբուած հայորդիներուն ուղղելով իր խօսքը շեշտած
Դամասկոս ։
24 Ապրիլին Դամասկոսի մէջ առաջնորդանիստ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 96-ամեակի ոգեկոչման Ս. Պատարագ, ապա կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` Ցեղասպանութեան յուշարձանին մօտ` Դամասկոսի քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր առաջնորդներուն եւ ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ:
Իսկ 25 ապրիլին Դամասկոսի Հայոց Գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցաւ սուգի արարողութիւն` Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիրին առջեւ:
Եգիպտոս ։
Կազմակերպութեամբ Գահիրէի Ազգային իշխանութեան, 24 ապրիլի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Գահիրէի «Պելեքտանեան» հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Նահատակաց յիշատակի մենահամերգ, զոր կատարեց այս առիթով յատուկ Հայաստանէն հրաւիրուած Գէորգ Հաճեան:
Մոսկուայ։
20 ապրիլին Մոսկուայի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի երեկոյ մը կազմակերպուած է գործակցաբար Հայաստանի դեսպանատան, Ռուս-հայկական համագործակցութեան եւ Ջաւախքի որդիք կազմակերպութեանց: Հայ թէ ռուս բարձրաստիճան ներկայացուցիչներու եւ պաշտօնատարներու ներկայութեան կայացած սոյն ձեռնարկին, ցուցադրուած է Ցեղասպանութեան մասին վաւերագրական ժապաւէն մը:
Այս առիթով ելոյթ ունեցած ու խօսքեր արտասանած են Ռուսիոյ Պետական Տումայի նախագահի տեղակալ Վ. Ժիրինովսքի։
ՖՐԱՆՍԱ։
24 ապրիլին Փարիզի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ Հայ առաքելական Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. պատարագ` Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած: Ապա ժողովուրդը երթ մը կազմակերպեց դէպի Յաղթանակի կամարը, ուր տեղի ունեցաւ յիշատակի ձեռնարկ` Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիտեչեանի, ֆրանսացի քաղաքական գործիչներու, բարձրաստիճան զինուորականներու, քաղաքացիական եւ կրօնական անձնաւորութիւններու մասնակցութեամբ: Ծաղկեպսակներ զետեղուեցան անյայտ զինուորի շիրիմին:
Ձեռնարկին մասնակիցները ապա ուղղուեցան Շանզ Էլիզէ եւ Ճորճ 5-րդ պողոտաներուն անկիւնը, ուր տեղի ունեցաւ բազմահազար ժողովուրդի հաւաք` Հայոց ցեղասպանութեան 96-ամեակը նշող եւ 4 մայիսին Ֆրանսայի ծերակոյտին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականօրէն դատապարտող օրինագիծի ընդունումը պահանջող: Ելոյթ ունեցան ֆրանսահայ քաղաքական, հասարակական, կուսակցական գործիչներ, ֆրանսացի գործիչներ, քաղաքապետներ, մտաւորականներ եւ այլն:
Ապա հաւաքին մասնակիցները ուղղուեցան դէպի Կոմիտասի արձանը, ուր տեղի ունեցաւ հանրահաւաք, ծաղկեպսակներու զետեղում:
25 ապրիլին Փարիզի Աստուածամօր տաճարին դիմաց բացումը կատարուեցաւ «Ցեղասպանութեան ոգեկոչման եւ ժխտողականութեան մերժման» խորագիրով ցուցահանդէսին, որ կազմակերպուած էր «Ժխտողականութեան դէմ հայկական հսկում» կազմակերպութեան կողմէ:
Նշենք, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 96-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներ եւ հաւաքներ տեղի ունեցան նաեւ՝ Մարսէյի, Լիոնի, Վալանսի, Անթոնիի, Մեթրոնի եւ ֆրանսական այլ քաղաքներու մէջ:
ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ։
Աւելի քան 1500 լոսանճելըսահայերու մասնակցութեամբ, հինգշաբթի, 21 ապրիլի յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց մը, Լոս Անճելըսի մերձակայ Քալվըր քաղաքի «Սոնի» շարժանկարային համալիրին առջեւ, ուր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի ներկայութեամբ տեղի կ՛ունենար դրամահաւաքի ձեռնարկ մը:
Ամերիկահայ ցուցարարները «Օպամա՛, յարգէ՛ խոստումդ» կարգախօսով իրենց բողոքն ու հիասթափութիւնը արտայայտեցին։ Ցոյցի ընթացքին ելոյթ ունեցան «Սիսթըմ աֆ է Տաուն» խումբի հանրայայտ երգիչ եւ մարդկային իրաւունքներու ջատագով Սերժ Թանքեան։
ՂԱԶԱԽՍՏԱՆ ԵՒ ԽԸՐԽԸԶԻՍՏԱՆ
ԱԼՄԱԹԻ։
Ապրիլ 24-ի առաւօտեան, Ալմաթիի Ս. Կարապետ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգիստի կարգ եւ այնուհետեւ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ` 96 տարի առաջ թուրք ոճրագործներու ձեռքով ցեղասպանութեան ենթարկուած մէկուկէս միլիոն հայ անմեղ զոհերուն յիշատակին:
Արարողութեան ներկայ էին հարիւրաւոր հայեր, որոնք մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին հայ նահատակներուն յիշատակը:
Պատարագի աւարտին Ալմաթիի Հայկական մշակութային տան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկ:
Ասթանա։ Ապրիլ 214-ին Ասթանա քաղաքի «Վան» հայկական մշակութային կեդրոնի ղեկավարութիւնը կազմակերպած էր Հայոց ցեղասպանութեան 96-ամեակին նուիրուած յուշ-հաւաք մը, որուն ներկայ էին Ղազախստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան անձնակազմը:
ՔԱՐԱԿԱՆՏԱ։
Քարականտայի «Սպասկ» յուշահամալիրի Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին նուիրուած խաչքար-յուշակոթողին առջեւ 25 ապրիլին տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 96-ամեակին նուիրուած յուշ-հաւաք, որուն մասնակիցները ծաղիկներ զետեղեցին խաչքարին առջեւ եւ յարգանքի տուրք մատուցեցին հայ անմեղ զոհերուն յիշատակին` մէկ վայրկեան լռութեամբ:
ՊԻՇՔԵՔ։
Հայաստանի Հանրապետութեան պատուաւոր հիւպատոսի գրասենեակը եւ «Նայիրի» հասարակական միութիւնը կազմակերպեց յուշ-հաւաք եւ ծաղկեպսակներու զետեղման արարողութիւն` հայկական խաչքարի առջեւ:
ԹԻՖԻԼՍ։
Կազմակերպութեամբ Վրաստանի Հայ համայնք հասարակական կազմակերպութեան, 23 ապրիլին Թիֆլիսի մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 96-ամեակին նուիրուած ջահերթ մը: Ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերին մօտաւոր 100 հոգի` Վրաստանի Հայկական համագործակցութեան կեդրոն, Վրաստանի Հայ ուսանողներու միութիւն Վրաստանի Հայ երիտասարդական միութիւն, եւ Վրաստանի Հայ պատանեկան միութիւն» հասարակական կազմակերպութիւններէն: Երթը աւարտեցաւ Վրաստանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան առջեւ, ուր մասնակիցները բողոքեցին Հայոց Ցեղասպանութեան գծով թրքական ժխտողական քաղաքականութեան դէմ:
24 ապրիլին նոյն դեսպանատան առջեւ տեղի ունեցաւ խաղաղ բողոքի ցոյց մը։







All the contents on this site are copyrighted ©.