2011-04-26 11:55:37

Երուսաղէմի Քրիստոնեաները Ուխտագնացութիւն Կը Կատարեն Դէպի Էմմաուս։


Դէպի Էմմաուս ուխտագնացութեամբ՝ Երուսաղէմի քրիստոնեաները կ'եզրափակեն Զատկական տօնախմբութիւնները։ Ուխտագնացութիւնը կը գլխաւորեն Ս. Երկրի ֆրանչիսքեանները, առաջնորդելով՝ ուխտաւորները Երուսաղէմէն դէպի Քուպէյպ վայրը հինգ ժամ քալելով։ Նշենք թէ այս ուխտագնացութիւնը ներշնչուած է, Ղուկասի Աւետարանի այն պատմուածքէն ուր երկու երիտասարդներ կը հանդիպին Յարուցեալ Քրիստոսին։








All the contents on this site are copyrighted ©.