2011-04-26 11:55:59

Երեքշաբթի 26 Ապրիլ 2011։ Այսօր Կը Նշուի Չերնոպիլի Միջուկային Աղէտին 25րդ Տարեդարձը։


26 ապրիլ 1986-ի առաւօտեան ժամը 1.23-ին Ուկրանիոյ Չերնոպիլ շրջանի մէջ, միջուկային կայանի մը պայթումի հետեւանք՝ ահ ու սրասափ տիրեց, ամենուրէք տարածելով մահ, կոտորած ու հիւանդութիւն։
Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Կաթողիկէ Եպիսկոպոսները, ոգեկոչելով այս տխուր դէպքին յիշատակութիւնը, հովուական պատգամ մը ուղղած են նշելու այս ՜՜ողբերգրական պատահարը՝՝։ Նոյնպէս Ուկրանիոյ համայն եկեղեցիները - Օրթոտոքս, Կաթողիկէ, եւ բողոքական - հոգհանգստեան պաշտօնով միասնաբար նշեցին Չերնոպիլի աղէտի զոհերը , մասնակցութեամբ՝ Համայն Ռուսիոյ Գիրիլ Պատրիարքին որ անձամբ հնչեցուց - ճիշդ ժամը 1.23 - Գիէվի զանգակը, գլխաւորելով նաեւ հոգեհանգստեան արարողութիւնը Չերնոպիլի միջուկային կեդրոնին մէջ, որմէ ետք ալ հանդիպում ունեցաւ Գիեւի Ազգային Իսնտիտուսի՝ քաղցկէղէն տառապող հիւանդներուն հետ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.