2011-04-26 10:23:13

«Աղօթենք կրօնական ազատութեան համար Միջին Արեւելքի մէջ»
Երուսաղէմի հոգեւոր պետերու Զատկուան պատգամը


Քրիստոսի սուրբ Յարութեան տօնին նախօրեակին, Երուսաղէմի Եկեղեցիներու պատրիարքները եւ հոգեւոր պետերը հրատարակեցին Զատկուայ իրենց պատգամը, որուն մէջ յոյս կը յայտնեն ապագայի նկատմամբ, ներշնչուելով Քրիստոսի յարութենէն, եւ կ’ընդգծեն Երուսաղէմի քրիստոնեաներու մօտիկութիւնը Միջին Արեւելքի համայն քրիստոնեաներուն հետ, ըլլան անոնք Եգիպտոսի, Իրաքի կամ այլ երկիրներու մէջ։
Այս միացեալ պատգամը ստորագրած է նաեւ սուրբ Երկրի եւ Յորդանանի հայ կաթողիկէ էքսարկ գերպծ. Րաֆֆայէլ թ.ծ.վ. Մինասեան, Երուսաղէմի երեք պատրիարքներու՝ Թէոֆիլ (յոյն ուղղափառ), Թուալ (լատին) եւ Թորգոմ (հայ), ինչպէս նաեւ սուրբ Երկրի արքեպիսկոպոսներուն եւ եպիսոկոպոսներուն կողքին։
Անոնք պատգամին մէջ կը յայտնեն թէ քրիստոնեաները աղօթքով կը հետեւին Միջին Արեւելքի իրադարձութիւններուն, յոյս յայտնելով, որ «բարենորոգումները ուղղեն դէպի արդի քաղաքացի ընկերութեան, ուր արտայայտութեան ու կրօնական ազատութիւնները եւ մարդկային իրաւունքները, ներառեալ փոքրամասնութիւններու իրաւունքները յարգուած ըլլան»։
Երուսաղէմի հոգեւոր պետերը քրիստոնեաներէն կը խնդրեն «աղօթել սուրբ Երկրի ժողովուրդներուն միջեւ հաշտութեան համար, որովհետեւ տակաւին խաղաղութիւնն ու արդարութիւնը այժմ բաւական հեռու կը թուին ըլլալ», ինչպէս նաեւ քաղաքական ղեկավարներէն կը պահանջեն «իմաստութեամբ» եւ «արդարութեամբ» ընդառաջել իրենց ժողովուրդներու պէտքերուն։ Անոնք կոչ կ’ուղղեն՝ «խաղաղ լուծումներ յառաջացնելու աւելի լաւ ապագայի մը համար»։
Այնուհետեւ կը յիշեցնեն թէ Քրիստոս յաղթական է մահուան ու բռնութեան դէմ, եւ կ’եզրափակեն ըսելով. «Անոր Յարութիւնը մեզի առիթը պարգեւեց ապրելու այս յաղթանակը եւ ընդգրկելու ապագայի համար հեռատեսութիւն մը, ուր բոլորը կրնան ապրիլ ներդաշնակութեամբ»։








All the contents on this site are copyrighted ©.