2011-04-25 14:30:03

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Ողջ Լեր Թագուհի մարեմեան աղօթքը։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Ողջ Լեր Թագուհի մարեմեան աղօթքը։

Երկուշաբթի 25ապրիլ Բ. օրը Յարութեան, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, կէսօրին` Ողջ Լեր Թագուհի մարեմեան աղօթքը արտասանեց քահանայապետական ամարանոցէն հարիւրաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Քրիստոսի յարութեամբ բարեփոխուեցաւ մեր մարդկայիոն կեանքի վիճակը։ Քրիստոս յաղթահարեց մահուան վրայ` պտուղը մեր մեղքին ու մեզի բերաւ յաւիտենական կեանքը։ Քրիստոնեաները յարութեան տօնին իրազիրար կ'ողջունեն ըսելով. ''Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց / Օրհնեալ է Յարութիւն Քրիստիոսսի''։ Այս ողջոյնով հաւատացեալը կը յայտնէ իր հաւատքը եւ միաժամանակ յանձն կ'առնէ Աւետարանը ճանչցնել հեթանոսներուն։
Ապա Նորին Սրբութիւնը դիտել տուաւ թէ յարութեան Բ օրը Արեւելքի ու Արեւմուտքի քրիստոնեաները կը ոգեկոչեն Մարկոս աւիտարանիչի տօնը` Մարկոս`Աստուածային Բանին իմաստուն քարոզիչը եւ Քրիստոսի վարդապետութեան գրողը։ Ան նաեւ պաշտպան սուրբն է Վենետիկ քաղաքի, Աստուծոյ կամքով կը պատրաստուիմ Վենետիկը այցելել յառաջիկայ 7-8 մայիս։ Իսկ այժմ կը հրաւիրեմ ամէնքդ հետս աղօթել ''Ողջ լեր Թագուհի'' մարեմեան աղօթքը։
Եւ նախքան իր առաքելական օրհնութիւնը տալէ Սրբազան Հայրը զանազան բարբառներով ողջունեց ներկսաները անոնց յայտնելով զատկական բարեմաղթութիւնները։








All the contents on this site are copyrighted ©.