2011-04-25 08:52:48

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Զատկական Պատգամը Եւ Առաքելական Օրհնութիւնը Հռոմ Քաղաքին Ու Երկրագունդին։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Զատկական Պատգամը Եւ Առաքելական Օրհնութիւնը Հռոմ Քաղաքին Ու Երկրագունդին։

''Քու Յարութեամբդ` ով Քրիստոս, երկինքն ու երկիրը ցնծաց'',
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր Հռոմի եւ համայն աշխարհի։
Զատկուան առաւօտը մեզի բերաւ հին եւ միշտ նոր աւետիսը` Քրիստոս Յարութիւն առաւ մեռելներէն։ Այս դէպքին արձագանգը, եկած ՝ Երուսաղէմէն, 20 դար առաջ, կը շարունակէ հռչակուիլ Եկեղեցւոյ մէջ, որ մեզի լսելի կ'ընէ Մարիամի` Յիսուսի Մօր ողջ սրտէն բաբախող հաւատքը, Մագդաղենացիի եւ այլ կիներու հաւատքը՝ որոնք առաջինները եղան որ գերեզմանը թափուր տեսան ու Պետրոսի եւ այլ առաքեալներու հաւատքը։

Մինչեւ օրս` ընկերային հաղորդակցութեամբ գերտեխնիքական ժամանակաշրջանին, քրիստոնեաներու հաւատքը կը հիմնուի այս աւետիքին վրայ, այդ քոյրերու ու եղբայրներու վկայութեան վրայ, որոնք տեսան քարը վերցուած՝ եւ թափուր գերեզմանը, ապա խորհրդաւոր պատգամաւորները որոնք կը վկայէին թէ Յիսուս, խաչեցեալը, յարութիւն առած է, ապա նոյնինքն Վարդապետն ու Տէրը, ողջ եւ շօշափելի, երեւեցաւ Մարիամ Մագդաղենացիին, Էմմաուսի երկու աշակերտներուն, հուսկ բոլոր Տասնմէկին, Վերնատուն ժողովուած (Մարկ. 16,9-14)։

Քրիստոսի յարութիւնը պտուղը չէ տեսաբանական ճանաչողութեան, խորհրդական փորձառութեան. այլ դէպք մըն է, որ կը գերազանցէ պատմութիւնը եւ կը թողու անջնջելի հետք մը։ Լոյսը որ շլացուց Յիսուսի գերեզմանը հսկող պահակները, գերազանցեց Սրբազան ժամանակն ու անջրպետը։ Տարբեր եւ աստուածային լոյս մը, որ խափանեց մահուան խաւարը եւ աշխարհին բերաւ պայծառութիւնը Աստուծոյ, պայծառութիւնը Ճշնարտութեան ու Բարիին։

Արեւու ճառագայթներու նման, գարնան, որ ծառերու ճիւղերու բողջբոջները բուսցնեն ու կը բանան, նոյնպէս Յարութենէն ծագող ճառագայթումը կու տայ զօրութիւն եւ նշանակութիւն մարդկային ամէն յոյսի, ամէն ակնկալումի, բաղձանքի, ծրագրի։ Այս պատճառաւ տիեզերքը ամբողջութեամբ կը ցնծայ մարդկայնութեան այս գարունէն, որ թարգմանը կը հանդիսանայ արարչագործութեան լուր տաղին։ Զատկական ալէլուլիան, որ կը հնչէ ուխտաւոր Եկեղեցիէն ներս կը դրսեւորէ տիեզերքի լուր բերկրանքը եւ մասնաւորապէս հեւքը մարդկային ամէն հոգիի որ անկեղծօրէն բաց է Աստուծոյ, երախտապարտ` անոր անհուն բարութեան, գեղեցկութեան ու ճշմարտութեան։

''Քու յարութեամբը, ով Քրիստոս, կը ցնծան երկինքն ու երկրիրը''։ Փառաբանութեան այս հրաւէրին, որ այսօր կը բարձրանայ Եկեղեցւոյ սրտէն, երկինքը լիովին կը պատասխանէ. հրեշտակներու, սուրբերու, երանելիներու հոյլը միահամուռ կը միանան մեր ցնծութեան։ Երկինքի մէջ խաղաղութիւն է եւ ցնծութիւն։ Դժբախտաբար, այսպէս չէ երկրի վրայ։ Հոս մեր երկրի վրայ, զատկական ալէլուլիան կը հակադրուի. ողբն ու ճիչը որ կու գան բազմաթիւ ափսոսալի կացութիւններէն. թշուառութիւն, անօթութիւն, հիւանդութիւն, պատերազմ, բռնութիւն։ Եւ սակայն Քրիստոս ասոր համար մեռաւ եւ յարութիւն առաւ։ Մեռաւ նաեւ մեր այսօրուայ մեղքերուն համար եւ յարութիւն առաւ մեր այսօրուայ պատմութեան փրկչագործութեան համար։ Այս պատճառաւ, իմ այս պատգամը` որպէս մարգարէական բարի լուր, ուղղուած է բոլորին, եւ մասնաւորապէս պատերազմի եւ ընդհարումի թիրախ ժողովուրդներուն, որպէսզի Յարուցեալ Քրիստոսը անոնց բանայ ճանապարհը ազատութեան, արդարութեան ու խաղաղութեան։

Թող ցնծայ Երկիրը, առաջինը, որ ողողուեցաւ Քրիստոսի լոյսով։ Քրիստոսի պայծառութիւնը թող հասնի Միջին Արեւելքի ժողովուրդներուն, որպէսզի խաղաղութեան ու մարդկային արժանաւորութեան լոյսը յաղթանակէ, բաժանումի խաւարին, ու նաեւ ատելութեան ու բռնութեան վրայ։ Լիպիոյ մէջ թող դիւանագիտութիւնը ու երկխօսութիւնը փոխառինէ զէնքը ու կարելիութիւն տրուի օգնութեան հասնելու տառապեալներուն ու պատերազմի թիրախ անհատներուն։ Հիւսիսային Ափրիկէի ու Միջին Արեւելքի բոլոր քաղաքացիները եւ մասնաւորապէս նոր սերունդը թող գործեն հասարակաց բարիքին ի խնդիր եւ կերտեն ընկերութիւն մը, ուր յաղթահարուի աղքատութիւնը ։ Ամէն քաղաքականութիւն թող ներշնչուի ու հիմնուի մարդկային անհատի յարգանքին վրայ։ Բազմաթիւ գաղթականներն ու փախստականները, եկած՝ Ափրիկէի տարբեր հողամասերէ, զրկուած՝ հայրենիքէն ու սիրելիներէն, թող ունենան բոլորին զօրակցութիւնը։ Բարի կամք ունեցող մարդիկը թող բանան իրենց սիրտը հիւրընկալելու մեր դուռը բախող եղբայրները։ Մեր քաջելանքը ու օրհնութիւնը կու տանք բոլոր անոնց որոնք եղբայրսիրութեան օրինակելի վկայութիւն կու տան։

Մաղթանքս է որ վերհաստատուի քաղաքացիական համակեցութիւնը Ոսկրէ Ափունքի բնակիչներու միջեւ, ուր հարկաւոր է որ շուտով հաշտութեան ու ներումի ճամբան առնեն խնամելու վերջին ընդհարումի պատճառած վէրքերը։ Աղօթքս է որ Ճաբոնը շուտով վերագտնէ մխիթարութիւն ու յոյս, մինչ կը դիմագրաւէ մահասփիւռ երկրրաշարժի ողբերգական հետեւանքը։ Նոյնպէս բոլոր այն երկիրները որ անցեալ ամիսներուն թիրախ եղան բնական աղետնէրու, որ պատճառեցին ցաւ եւ անձկութիւն։

Թող ցնծան երկինք ու երկիրը այն վկայութեան համար, անոնց որոնք իրենց քրիստոնէական հաւատքին համար կը կրեն հակառակութիւն եւ հալածանք։ Յիսուսի յաղթական յարութեան լուրը թող անոնց ներշնչէ քաջութիւն եւ վստահութիւն։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, Յարուցեալ Քրիստոսը մեր առջեւէն կ'ընթանայ դէպի նոր երկինք եւ նոր երկիր (Յայտ. 21,1), ուր վերջնականապէս ամէնքս պիտի ապրինք որպէս մէկ ընտանիք, զաւակները միակ Հօր։ Ան մեզի հետ է մինչեւ ժամանակներու լրումը։ Անոր ետեւէն ընթանանք, Ալելուեան երգելով այս վիրաւոր աշխարհի մէջ։ Մեր սրտին մէջ ունինք ուրախութիւն եւ տխրութիւն, մեր դէմքի վրայ` ժպիտ ու արցունք։ Այս է մեր երկրաւոր իրականութիւնը։ Սակայն Քրիստոս յարութիւն առաւ, ողջ է ու մեզի հետ կը քալէ։ Այս պատճառաւ երգենք ու քալենք, հաւատաիմ մեր յանձնառումին, այս աշխարհի վրայ, մեր ակնարկը ուղղելով դէպի Երկինք։
Բարի Զատիկ բոլորիդ։








All the contents on this site are copyrighted ©.