2011-04-23 06:49:37

''ֆրանչիսքոս Եւ Հռոմի Պապը'' Կամ Քահանայապետը Մանուկի Մը Աչքով։


Նոր պատկերասփռում մը լոյս տեսած է Զուիցերիոյ եւ Գերմանիոյ մէջ, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին ու Վատիկանի առօրեայ կեանքի մասին։
21 ապրիլին Զուիցերիոյ եւ Գերմանիոյ պատկերասրահները կը լուսարձակեն Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին առօրեայ կեանքը Վատիկանի մէջ ժապաւէնը՝ ''ֆրանչիսքոս եւ Հռոմի Պապը'' վերնագրով։ Շարժապատկերը կը պարզէ պատմութիւնը երեխայի մը` անդամ Վատիկանի մանուկներու երգչախումբին, որ Սրբազան Քահանայապետին առջեւ կը մեներգէ։ Շարժապատկերը երեւակայութեան պտուղն է, ու Վատիկանի հեռուստատեսիլի դիւանէն քաղուած պատկերներուն, ուր կը պատմուի Վատիկանի առօրեայ կեանքը սկսեալ Զուիցերիոյ պահակագունդէն եւ կամ Ս. Պետրոս տաճարի մէջ կատարուած ծիսակատարութիւններէն։ Կինոհան Չիրօ Գաբբելարիի գնահատումով՝ այս շարժապատկերը հանրութեան առիթ կու տայ մօտէն ճանչնալու Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը իր առօրեայ կեանքին ընթացքին։ Վատիկանի բանբեր Յիսուսեան Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի համաձայն այս նոր նախաձեռնութիւնը կու գայ անգամ մը եւս ցոյց տալու թէ՝ որքան Սրբազան Քահանայապետը ու անոր անմիջական գործակիցները բաց են ընկերային հաղորդակցութեան նորագոյն միջոցներու գործածութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.