2011-04-23 11:07:15

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Խորհրդածութիւնը Ճանապարհ Խաչի Աւարտին։


Ուրբաթ 22 Ապրիլ 2011, Աւագ Ուրբաթ իրիկուն, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը, գլխաւորեց ճանապարհ խաչի կարգը, որ կատարուեցաւ Հռոմի Գոլիզէում ամփիթատրոնին մէջ, մասնակցութեամբ տասնեակ հազարաւոր հաւատացեալներու եւ ուխտաւորներու, առանց հաշուելու միլիոնաւոր հաւատացեալները, որոնք աշխարհատեսիլի միջոցաւ հետեւեցան ծիսական հոգեպարար արարողութեան։
2011ի՝ 14 կայաններու խորհրդածութիւնները շարադրուեցան իտալացի ակոստինեան կրօնաւորուհի՝ քոյր Մարիա Ռիդա Բիչիոնէի կողմէ։ Խաչափայտը վերցուեցաւ նախ Հռոմի տեղապահ՝ կարտինալ Վալլինիի կողմէ, ապա յաջորդաբար`Հռոմի թեմի ընտանիքէ մը, Եւթոպիայէն եկած ընտանիքէ մը, ակոստինեան երկու կրօնաւորուհիներէն, Եգիպտացի պարմանուհիէ մը, անկար հիւանդէ մը եւ հուսկ Ս. Երկրէն եկած՝ ֆրանչիսքեան զոյգ կրօնաւորներէն ։
Վերջին կայանին՝ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը վերցուց խաչափայտը։
Ծիսակատարութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը խորհրդածութիւն մը կատարեց մատնանշելով թէ՝ Խաչեցեալ Յիսուսը իր մահով կը մեռցնէ մեղքին կապուած՝ հին մարդը ու կը դարձնէ մեզ՝ նոր արարծներ, բարեփոխուած սէրէն ։
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, Միածին Որդիի մահը խաչին վրայ մեզի պարգեւեց նոր կեանք մը, նման հատիկին որ հողին մէջ կը մեռնի։ Աստուած մեզի կ'ըսէ հաւատացէք, դուք ինծի պիտի գաք եւ պիտի ըմբոշխնէք սեղանիս բարիքները։
Ձեզ կը հրաւիրեմ մասնակցելու իմ կեանքին։ Կեանք մը ուր ոչ ոք կը մեռնի, երանաւէտ ճշմարիտ կեանք մը։
Մեր ակնարկը սեւեռենք Խաչեցեալ Յիսուսի վրայ, ըսաւ Սրբազան Հայրը, եւ իրմէ խնդրենք որ լուսաւորէ մեր սիրտը, արմատախիլ ընէ մեր սրտէն հին մարդը` այնքան հակած եսասիրութեան , չարին, մեղքին։ Տէր, դարձուր մեզ նոր արարածներ` բարեփոխուած այրեր ու կիներ, բորբոքուած քու սէրէդ ։
Այս խօսքերով Նորին Սրբութիւնը եզրափակեց ճանապարհ Խաչիի կարգը տալով բոլորին իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.