2011-04-23 06:46:50

Աւագ Շաբաթ - Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետին 2011-ի՝ Աւագ Շաբաթ Օրուայ Արարողութիւնները։


Շաբաթ 23 Ապրիլ (2011) Աւագ Շաբաթ է։
Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ Շաբաթ օրը երեկոյան (ժամը 21-ին) սկիզբ պիտի առնէ Նորին Սրբութեան գլխաւորութեամբ՝ Սուրբ Գիշերուայ Զատկական Հսկումը։
Այս արարողութիւնը ամենէն հին եւ ամենէն կարեւոր ու իմաստալից արարողութիւններէն մին է։
Հսկում կը կատարուի որպէսզի նշենք թէ կ՞ապրինք սպասելով Քրիստոսի Գալստեան, այն յոյսով որ կատարուի նոր ու վերջնական անցքը դէպի Յաւիտենականութիւն։
Անցքը մահէն դէպի կեանք որ է Քրիստոս։
Արարողութեան կեդրոնը կը հանդիսանայ Մոմը՝ որ կը խորհրդանշէ Յարուցեալ Քրիստոսը։ Մոմին լոյսին տակ կը կարդացուին օրուան սուրբ գրային ընթերցումները որոնք կը խօսին Փրկչագորցութեան մասին։Ապա կը նորոգուին սուրբ մկրտութեան ուխտերը, հաւատոյ դաւանանքով. հուսկ՝ կը մատուցուի սուրբ պատարագը ուր գառն Աստուծոյ յարութիւն առաւ մեռելներէն եւ հացի ու գինիի ձեւին տակ մեզի կը ներկայանայ որպէսզի մենք ապրինք իր մէջ եւ ինքը մեր մէջ ։
Զատկուայ Սուրբ պատարագի զոհաբերումը ծիսական տարւոյն գագաթնակէտն է։ Զատկուայ ուրախութեան աղբիւրն է Սուրբ Պատարագըը։
Արարողութիւնը սկիզբ կ՛առնէ Սուրբ Պետրոսի գաւիթէն ուր կ՛օրհնուի կրակը եւ կը վառուի Զատկուայ կանթեղը, որ այս տարի նուիրուած է ՜՜Գաթէգումինալէ՝՝ շարժումի կողմէ։ Ապա Նորին սրբութիւնը կը մատակարարէ մկրտութեան, դրոշմի եւ առաջին հաղորդութեան խորհուրդները, 6 երախաներու՝ ժամանած Զուիցերեայէն, Ալպանիայէն, Ռուսիայէն, Բէրուէն, Սինկաբուրէն եւ Չինաստանէն։ Ճրագալոյցի պատարագի ընթացքին, նոր գրակալ մը պիտի գործածուի Ս. Պետրոս տաճարին մէջ, նուէր՝ գերմանացի բարերարներու կողմէ, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին քահանայական ձեռնադրութեան 60 ամեակին առթիւ։

Իսկ Կիրակի 24 Ապրիլ (2011) Զատկի կիրակի օրը, առաւօտեան ժամը 10.15ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը պիտի պատարագէ Սուրբ Պետրոսի Հրապարակին վրայ, եւ որու աւարտին (կէսօրին) Սուրբ Պետրոսի կեդրոնական պատշգամէն համայն աշխարհին պիտի ուղղէ ՝՝Urbi et 0rbi՝՝ իր Առաքելական օրհնութիւնը որ կը նշանակէ Հռոմ քաղաքին ու Համայն Աշխարհին։








All the contents on this site are copyrighted ©.