2011-04-22 11:52:48

Սուրբ Երկրի Նուիրուած Օր


22 Ապրիլ Աւագ Ուրբաթ օրը. այսօր Տիեզերական Եկեղեցին այսօր կը յիշատակէ Սուրբ Երկրին նուիրուած օր, որուն ընթացքին դրամահաւաք կը կատարուի սուրբ երկրի քրիստոնեայ հասարակութիւններուն որպէս օժանդակութիւնը։ Այս դիտաւորութեամբ՝ անցեալ մարտ 21-ին Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովը ստորագրութեամբ՝ Կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրիի՝ նախագահը սոյն ժողովին, կոչ մը ուղղեց աշխարհի բոլոր եպիսկոպոսներուն։ Նամակին մէջ կը նշուին Սուրբ Երկրի եւ ընդհանրապէս միջին արեւելքի մէջ ապրող քրիստոնեաներու կրած դժուարութիւնները եւ անոնց թիկունք կանգնելու կարիքը եւ քաջալերելու զիրենք հաստատ մնալու իրենց հաւատքին մէջ եւ չթողելու իրենց ծննդավայրերը։ Եկեղեցին կ՛ուզէ շօշափելի կերպով հոգալ տեղւոյն քրիստոնեաներու կարիքներուն, ըլլայ դաստիարակչական, ըլլայ հովուական եւ ըլլայ բարեգործական գետնի վրայ։ Հարկ է՝ ոչ միայն օժանդակել Սուրբ Երկրին, այլ եւ ապրիլ հարազատ հոգեւորութիւն մը, դառնալով նոյնիսկ վկաներ Տիրոջ գերագոյն զոհաբերումին ի նպաստ մարդկութեան








All the contents on this site are copyrighted ©.