2011-04-22 11:35:35

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, Միւռոնօրհնէքի՝ Պատարագին Ընթացքին Ցաւ Յայտնած Է Որ Արեւմուտքը Յոգնած Է Քրիստոնէական Իր Մշակոյթէն։


Քրիստոնեաներուն պարտականութիւնն է տեսանելի դարձնել զԱստուած աշխարհին ։
Աւագ Հինգշաբթի օրը, Միւռոնի օրհնութեան մատուցած պատարագին ընթացքին, Նորին Սրբութիւնը ցաւ յայտնած է որովհետեւ ՜՜ Արեւմուտքի մեծամասնութիւնը թերահաւատ դարձած է, ու հեռացած՝ Աստուծմէ։
Քրիստոնեայ Արեւմուտքը կը թուի յոգնած ըլլալ իր պատմութենէն ու մշակոյթէն եւ կը մերժէ դաւանիլ իր հաւատքը Յիսուս Քրիստոսի մէջ։
Նորին Սրբութիւնը իր աղօթքին մէջ ուղղուած՝ Ամենակալ Տիրոջ աղաղակեց ըսելով.՝ ՜՜Մեր աղաղակը կը բարձրացնենք քեզի ով Աստուած, ըրէ, որ դարձեալ քեզ ճանչնանք եւ ուրախութեամբ վկայութիւն տանք քու Աւետարանիդ՝՝։ Ապա Սրբազան Հայրը ըսաւ. ՜՜Մարդը անհանգիստ է, որովհետեւ ամէն ինչ որ ժամանակաւոր է մարդու համար անբաւարար է՝՝։
Սրբազան Քահանայապետը ապա մատնանշեց Յովհաննէս Պօղոս Բ.ը, որպէս տիպար քրիստոնեայ մը, Ս. Հոգիով լեցուն եւ մեծ վկայ մը ողջ Աստուծոյ։
Նոյնպէս Նորին Սրբութիւնը նշեց որպէս քրիստոնեայ տիպարներ՝ Եղիսաբէթ Թիւրինկ, Վէանսան տը Բոլ, Լուիզ դը Մարիագ, Գամիլ դը Լըլլիս ու Մայր Թերեզան։
Հուսկ՝ Սրբազան քահանայապետը բացայայտեց երեք տեսակի իւղերու խորհրդանիշերը, որոնք կը ծառայեն հիւանդաց օծումին, երախաներու Մկրտութեան եւ քահանայական կարգի սպասարկութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.