2011-04-22 11:34:50

Պենետիկտոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետին 2011-ի՝ Աւագ Ուրբաթ Օրուայ Արարողութիւնները։


Ուրբաթ 22 Ապրիլ (2011), Աւագ Ուրբաթ է եւ նուիրուած՝ Աստուածային Վարդապետի չարչարանքներու յիշատակութեան։
Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը, այսօր յետ միջօրէի ժամը 5-ին՝ Սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ, պիտի գլխաւորէ Տիրոջ Չարչարանաց արարողութիւնը։
Արդարեւ այսօր ՜՜Պատարագ՝՝ չի մատուցուիր։
Արարողութեան սկիզբը, Նորին Սրբութիւնը կը ծնկադրէ խաչեալին առջեւ որպէս նշան ապաշխարանքի եւ մեղքերու թողութեան։ Ապա Քահանայապետական Տան քարոզիչը Հայր Ռանիէրօ Գանդալամեսսան, օրուան քարոզը կ՛արտասանէ որմէ ետք տեղի կ՛ունենայ խաչի երկիրպագութեան կարգը։ Սրբազան քահանայապետը կը բարձրացնէ խաչը, հրաւիրելով հաւատացեալները երկրպագելու անոր , մինչ ինք բոպիկ` (ապաշխարութեան որպէս նշան) կը համբուրէ զայն։ Ապա Նորին Սրբութիւնը կարտինալական դասին կը բաշխէ սուրբ հաղորդութիւնը։

Իսկ երեկոյան՝ ժամը 21.15ին (միշտ Իտալիոյ ժամով) Սրբազան Հայրը պիտի կատարէ Ճանապարհ Խաչի բարեպաշտական աղօթքի արարողութիւնը, որ ամէն տարի տեղի կ՝ունենայ Հռոմի երկհազարամեայ ՝՝Գոլլոսէում՝՝ աշխարհածանօթ Ամփիթատրոնին մէջ։ Այս տարուայ ՜՜Ճանապարհ խաչի՝՝ի արարողութեան խորհդածութիւնները պատրաստած է Մայր Մարիա Ռիթա Բիչչոնէն Օգոստինեան միաբանութեան մեծաւորուհին։ Իսկ ճանապարհ խաչի 14 կայանները պատկերացնող գծագրութիւնները գործն են Օգոստինեան միաբանութեան այլ անդամ մը՝ քոյր Էլէնա Մանկանելլիի։ Մոմակրութեան սպասարկութիւնը յանձնուած է հռոմէացի երկու երիտասարդներու, մինչ Խաչը կայանէ- կայան պիտի փոխադրեն հռոմի Թեմի փոխանորդ՝ Կարտինալ Վալլինին, Հռոմէացի ընտանիք մը, եւդոպացի ընտանիք մը, երկու ակոստինեան միաբանութեան քոյրեր, եգիպտացի երիտասարդուհի մը, հիւանդ մը եւ Սուրբ երկրի ֆրանչիսկեան միաբանութեան երկու անդամներ։ Խաչի ճանապարհի արարողութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը իր խօսքը պիտի ուղղէ հաւատացեալներուն, տալով՝ իր հայրական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.