2011-04-22 12:29:37

Արժանթինահայ Իրաւաբան Ֆետերիքօ Հայրապետեան Ելոյթ Պիտի Ունենայ Մոնթեպելլոյի Յուշահանդէսին։(Ամերիկայ).


Մոնթեպելլոյի «Պիքնել Փարք»ի Նահատակաց Յուշարձանին մօտ Ապրիլեան Եղեռնի 96-րդ տարելիցը հանդիսաւորապէս նշելու ուղղութեամբ՝ Հայկական Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Միացեալ Մարմինի կազմակերպչական համակողմանի աշխատանքները, իրենց գործնական եւ գաղափարական ոլորտներով կ՛ընթանան ըստ նախատեսուածի: Ինչպէս գիտենք, այս տարի Ս. Զատիկ եւ Ապրիլ 24 միատեղ եկան:
Այլ խօսքով՝ Քրիստոսի Յարութիւնը զուգադիպեցաւ հայ ժողովուրդի վերածնունդին: Պատմական այս զուգադիպութիւնը, գաղափարական եւ խորհրդանշական իմաստ ու խորհուրդ զգեցաւ: Եթէ Քրիստոս յարութիւն առաւ իր դամբանէն, հայ ժողովուրդն ալ յարութիւն առաւ իր մոխիրներէն: Ապրիլ 23ի յուշահանդէսին գլխաւոր բանախօսը պիտի ըլլայ Արժանթինէն ժամանած հայորդի մը՝ իրաւաբան Ֆետերիքօ Հայրապետեան: Ան թոռնիկն է Եղեռնէն վերապրած Գրիգոր Հայրապետեանի, որուն գերդաստանին 50 անդամները անյայտ կորած են Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած ցեղասպանութեան օրերուն: Տրուած ըլլալով, որ Արժանթին որդեգրած է օրէնք մը՝ անյայտացած անձերու ճակատագիրը ճշդելու մասին, Ֆետերիքօ Հայրապետեան 2000 թուականին դատ բացաւ եւ աւելի քան 10 տարիներու հետապնդումներէ ետք, հասաւ յաջողութեան: Արդարեւ, Արժանթինի դաշնակցային դատարանը Ապրիլ 1, 2011ին հետեւեալ վճիռը կայացուց. «Թրքական պետութիւնը ցեղասպանութիւն իրականացուցած է հայ ժողովուրդի նկատմամբ 1915-1923 թուականներուն, սպաննելով մէկուկէս միլիոն հայեր»:








All the contents on this site are copyrighted ©.