2011-04-21 11:54:56

Ֆրանսա Ու Նաեւ Իտալիա եւ Անգլիա Պիտի Օգնեն Լիպիոյ Ըմբոստներուն։


Մինչ շրջափակուած Միսրաթայի մէջ բուռն բախումներ տեղի կ՛ունենային, Ֆրանսա երէկ լիպիացի ըմբոստներուն խոստացաւ, որ պիտի աշխուժացնէ Կատտաֆիի ուժերուն դէմ օդային հարուածները եւ զինուորական կցորդներ պիտի ուղարկէ` օժանդակելու համար ըմբոստներուն:
Զինուորական 10 խորհրդականներ ուղարկելու Ֆրանսայի որոշումէն մէկ օր առաջ, Բրիտանիա եւ Իտալիա նոյնպիսի որոշում մը յայտարարեցին։
Ֆրանսայի նախագահական պալատէն հրապարակուած հաղորդագրութիւն մը հաղորդեց, որ նախագահ Նիքոլա Սարքոզի Էլիզէի պալատին մէջ լիպիացի ընդդիմադիրներուն կազմած Ազգային փոխանցման խորհուրդի նախագահ Մուսթաֆա Ապտել Ժալիլի հետ իր առաջին հանդիպումին ընթացքին զինուորական ուժեղ քայլեր խոստացած է: Ան Ապտել Ժալիլին յայտնած է, որ «մենք իսկապէս պիտի աշխուժացնենք մեր յարձակումները եւ ընդառաջենք Ազգային փոխանցման խորհուրդին այս խնդրանքին»: Ան նաեւ աւելցուցած է. «Պիտի օգնենք ձեզի»:
Ապտել Ժալիլ լրագրողներուն ըսաւ, որ Սարքոզին Պենկազի հրաւիրած է` Կատտաֆիի 41-ամեայ իշխանութեան վերջ տալու գծով Ֆրանսայի զօրակցութիւնը ցուցադրելու համար: «Կը կարծեմ, որ այդ մէկը յեղափոխութեան կորովին համար շատ կարեւոր պիտի ըլլայ», ըսաւ ան: Ֆրանսա չյայտնեց, որ Սարքոզի հրաւէրը ընդունա՞ծ է, թէ ոչ:
Ան նշեց, որ ընդդիմութիւնը յանձնառու կը մնայ Լիպիոյ մէջ կառուցելու ժողովրդավարութիւն մը, ուր երկրին ղեկավարը իշխանութեան պիտի հասնի «քուէատուփի ճամբով, ոչ թէ հրասայլի օգնութեամբ»:
Նշենք որ երէկ Լիպիայի մէջ զոհուեցան մին ամերիկացի, իսկ միւսը անգլիացի երկու լուսանկարիչ-լրագրողներ՝Քրիս Հոնտրօս եւ Թին Հէթհէրինկթըն։








All the contents on this site are copyrighted ©.