2011-04-21 12:33:34

Ս. Պետրոս Տաճարին Համար Նոր Գրակալի Մը Զետեղում Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Քահանայութեան 60-ամեակին Առթիւ։


Ս. Զատկուայ ճրագալոյցի պատարագին, 23 ապրիլ, նոր գրակալ մը պիտի գործածուի Ս. Պետրոս տաճարին մէջ, նուէր՝ գերմանացի բարերարներու, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի քահանայական ձեռնադրութեան 60 ամեակին առթիւ։
Սրբազան Հայրը քահանայ ձեռնադրուեցաւ 29 յունիս 1951-ին։
Նոր գրակալը գործն է Միւնիխի կահագործերու, համագործակցութեամբ՝ գերմանացի եւ իտալացի արուեստագէտներու։ Նշենք թէ Ս. Զատկուայ ճրագալոյցին Սրբազան Քահանայապետը պիտի մատակարարէ Մկրտութեան, Դրոշմի եւ Ս. Հաղորդութեան խորհուրդները, չափահաս 6 երախաներուն, եկած՝ Զուիցերիայէն, Ալպանիայէն, Ռուսիայէն, Սինկապուրէն եւ Չինաստանէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.