2011-04-21 12:32:54

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Պիտի Պատասխանէ 7 Անծանօթներու Հարցումներուն` Իտալական Հեռուստատեսիլի Առաջին Կայանէն։


22 ապրիլ 2011, Աւագ Ուրբաթ օրը, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Իտալիոյ պետական հեռուստատեսիլի առաջին կայանէն պատկերասփռուող՝ ''Անոր Նմանութեամբ'' հոգեւոր յայտագրէն, պիտի պատասխանէ ՜՜ ցաւի՝՝ նիւթին մասին իրեն ուղղուած եօթը հարցումներուն։
Աւելի քան 2000 հարցումներ ուղղուած են վերոյշեալ կայանին, անոնցմէ 7 հոգի ընտրուեցան եւ պատկերահանուեցան իրենց ապրած վայրին մէջ։
Իտալացի մայր մը, նստած՝ զաւկին սնարը, որ մխրճուած է Գոմայի` մահաքունի վիճակի մէջ, Քահանայապետին կ'ուղղէ (իր զաւկին մահաքունի մէջ գտնուելու վիճակին մասին) հարցում մը ։ Սրբազան Հայրը կը բացայայտէ թէ հոգին չի հեռանար մարմինէն, նոյնիսկ երբ անհատը անգիտակից է. Նորին Սրբութիւնը կ'ընդգծէ թէ՝ երբ անձ մը մահաքունի վիճակի մէջ է, կարող է զգալ սէրը, գորովը եւ հոգածութիւնը զինք շրջապատողներուն։
Մահմետական տիկին մը կը հարցադրէ Քրիստոսի դիմագիծին մասին որպէս խաղաղութեան վարդապետ, մինչ իր երկիրը` Ոսկրէ Ափունքը, բեմ դարձած է քաղաքական բուռն առճակատումի։ Իրաք բնակող քրիստոնեայ եօթը ուսանողներ, ճաբոնցի պարմանուհի մը, որ երկրաշարժի մասին կը հարցադրէ, եւս հարցումներ ուղղած են Սրբազան Քահանայապետին։ Իսկ երեք հարցումներ ուղղուած են զատկական խորհուրդին մասին։
Իտալական հեռուստատեսլի համար այս նախաձեռնութիւնը եղաւ անսպասելի յաջողութիւն մը։ Նախապէս ծրագիրը կը նախատեսէր որ Սրբազան հայրը երեք հարցումներու պատասխանէր Յիսուսի անձին մասին, աննախընթաց նախաձեռնութեան յաջողութեան ի տես, Պենետիկտոս ԺԶ ընդունեց երկարել հարցազրոյցի ժամանակը եւ արտայայտուիլ զանազան թեմերու մասին։ Յայտնենք թէ ասիկա առաջին անգամն է որ Քահանայապետ մը կ'ընդունի պատասխանել հեռուստատեսիլի դիտողներուն։ Նախապէս, 2005ին եւ 2006ին ան պատասխանած է լեհ եւ գերմանացի լրագրողներուն հարցումներուն








All the contents on this site are copyrighted ©.