2011-04-21 12:29:00

Մեծ Եղեռնի 96-րդ Տարելիցին Առիթով ՝Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կոչը՝ Հայ Ժողովուրդին ։


Կը թեւակոխենք Մեծ Եղեռնի 96-ամեակը, Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի ու Սփիւռքի առջեւ ծառացող նոր մարտահրաւէրներով, որոնք կը հունաւորեն ազգային միասնական ճիգի ու կարողականութեանց համատեղման վրայ հիմնուած հայութեան երթը:
Ներկայ պատմական հանգրուանի մարտահրաւէրները դիմակալելու համար, հայ քաղաքական միտքը բիւրեղացուցած է իր հաւատոյ հանգանակը` համազգային տենչերն ու իտէալները բիւրեղացնող ազգային առողջ գաղափարախօսութիւնը:
Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք պարտաւոր են այսօր Հայ Դատի պահանջատիրութեան պայքարին մասնակցելու` ստանձնելով իրենց կարգավիճակէն բխող յատուկ դերակատարութիւն, իրենց ստանձնած յանձնառութեան ամբողջական ու լիիրաւ կատարումով:
Միջազգային ընտանիքին կողմէ հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն անտեսումը չի կրնար պարտուողական ու զիջողական քայլերու առաջնորդել մեզ:
Հայ ժողովուրդը տէրն է իր պայքարին: Մեծ եղեռնի 96-ամեակի ոգեկոչումը առիթ է ամրացնելու ազգային միասնականութիւնը եւ ամրագրելու հաւատքը` մեծ ու ամբողջական Հայաստանի յաղթանակին նկատմամբ:
Ա՛յս հաստատումին վկան դառնալու կոչուած է այսօր ամբողջ հայութիւնը: Ա՛յս է ապրող ու ապրեցնող պատգամը Ապրիլեան Նահատակներուն:
Յարգա՛նք Հայոց Ցեղասպանութեան զոհ դարձած նահատակներու յիշատակին:
Յարգա՛նք 24 ապրիլ 1915-ին թրքական կամքով հայ ժողովուրդին պարտադրուած ճակատագիրը մերժած եւ պայքարի ճամբուն վրայ իրենց արիւնը զոհաբերած Հայ դատի հին թէ նոր բոլոր նահատակներու յիշատակին, այսպէս կ՝եզրափակուի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան կոչը ուղղուած՝ Հայ Ժողովուրդին։








All the contents on this site are copyrighted ©.