2011-04-20 13:37:03

Ս. Երկրի Բոլոր Քրիստոնեաները 2011ին Միասնաբար Կը Տօնեն Զատիկը։


Երուսաղէմի հին քաղաքը, այս տարի եւս, հսկողութեան տակ առնուած է ոստիկանութեան կողմէ։ Արդարեւ 2011ին բոլոլոր քրիստոնեաները կաթողիկէ, օրթոտոքս թէ բողոքական միասնաբար կը տօնախմբեն Քրիստոսի Չարչարանքը, Խաչելութիւնը եւ Յարութիւնը։ Նոյնպէս եւ հրեաները իրենց Զարտիկը կը տօնեն Աւագ շաբթուան ընթացքին։
Երուսաղէմի քրիստոնեաները, այս վերջին տարիներուն, իրենց դժգոհութիւնը յայտնած են ի տես ոստիկանութեան խիստ կարգադրութիւններուն, պահանջելով որ ազատ թողուն քրիստոնեայ ուխտաւորներու մուտքը բոլոր սրբավայրերը։
Վերջին տարիներուն ոստիկանութիւնը, ապահովութեան պատճառներու համար, սահմանած է միայն 10 հազար հոգիի մուտքը Թաղման Տաճար։ Դուրս մնացող ուխտաւորներուն համար հաստատուած է 8 մեծ պաստարներ հին քաղաքին մէջ, որպէսզի անոնք կարելիութիւն ունենան սրբազան արարողութիւններուն հետեւելու ։
Աւագ Շաբաթուայ մեծ արարողութիւններէն ամենէն յատկանշականն է հրավառութեան ծիսակատարութիւնը, Աւագ Շաբաթ օրը՝ կէսօրին, որուն կը հանդիսապետէ օրթոտոքս եկեղեցին 1200 տարիէ ի վեր ։ Ժողովրդական աւանդութեան համաձայն, հրաշքով կրակ մը ցայտած է այն մատուռէն ուր Յիսուս թաղուեցաւ։ Քահանաները մոմ կը վառեն ու հաւատացեալներուն կը բաշխեն։ Նշենք թէ Եւդոպայի օրթոտոքսները Քրիստոսի յարութիւնը կը տօնախմբեն Թաղման Տաճարի տանիքին վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.