2011-04-20 13:46:47

Ամերիկահայերու Ցոյցը Քալվըր-ի մէջ Օպամայէն Ցեղասպանութեան Ճանաչում Պահանջելու Նպատակով:


Հինգշաբթի, Ապրիլ 21ին, կ.ե. ժամը 3ին, բողոքի ցոյց մը տեղի պիտի ունենայ Քալիֆորնիոյ Քալվըր քաղաքին մէջ գտնուող «Սոնի Սթիւտիոզ» համալիրին դիմաց (10202 W. Washington Blvd.), ուր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա դրամահաւաքի ձեռնարկի մը պիտի մասնակցի:
Հայկական Ցեղասպանութեան համայնքային կազմակերպիչ յանձնախումբը կոչ կ՛ընէ շրջանի հայութեան, որ խուռներամ մասնակցութիւն բերէ այս ցոյցին, արտայայտելու համար հայութեան բողոքը Հայկական Ցեղասպանութիւնը յստակօրէն ճանչնալու իր նախընտրական խոստումը չկատարած նախագահ Օպամային:
Իր կարգին, աշխարհահռչակ երգիչ Սերժ Թանքեան, որ անցեալին եւս Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման ի նպաստ պայքարին մասնակցած է, «Ֆէյսպուք»ի միջոցաւ կոչ ըրած է իր համակիրներուն, որ խուռներամ մասնակցութիւն բերեն այս ցոյցին՝ պահանջելով նախագահէն, որ յստակօրէն յայտարարէ, թէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը տեղի ունեցած է, եւ յարգէ իր նախընտրական խոստումը:







All the contents on this site are copyrighted ©.