2011-04-20 13:23:39

 ԷՋ ՄԸ ՀԱՋ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵՆԷՆ։ ԽԱՉԱՏՈՒՐ ԱԲՈՎԵԱՆ


163 տարի անցած է, բայց մինչեւ այսօր դեռ լրիւ ու ստուգապէս վերծանուած չէ առեղծուածը արդի հայ գրականութեան ռահվիրաներէն Խաչատուր Աբովեանի անյայտ վախճանին։ Նաեւ իր ծննդեան տարեթիւը ճշգրտուած չէ եւ 1803էն մինչեւ 1809ի Հոկտեմբեր 12ը կը գործածուին Աբովեանի կենսագիրներուն կողմէ։

Իսկ Խաչատուր Աբովեան ՄԵԾՈՒԹԵԱՆ ամէնէն խորհրդաւոր եւ աւելի բարացուցական առանձնայատկութիւնը այն է, որ հայ գրականութեան մէջ նոր դարաշրջան բացող իր կոթողական գործը՝՝Վէրք Հայաստանի, Ողբ Հայրենասէրի՝՝ անմահ ստեղծաործութիւնը, 1840ին գրուած ըլլալով հանդերձ, ամբողջ 18 տարի ձեռագիր վիճակի մէջ մնաց։ Թէեւ ամբողջ այդ ժամանակաշրջանին ձեռքէ-ձեռք խլուեցաւ ու յափշտակութեամբ կարդացուեցաւ, բայց միայն 1858ին, Աբովեանի անյայտ վախճանման 10ամեակին առիթով, լոյս տեսաւ տպարանէն Թիֆլիսի Ներսիսեան վարժարանին, որուն առաջին շրջանաւարտներէն եղած էր անկրկնելի Աբովեան։

Պարսկական գրաւման տակ գտնուող Երեւանի մերձակայ Քանաքեռ աւանը ծնած պատանի Խաչատուր մանուկ տարիքէն ղրկուեցաւ Էջմիածին՝ ուսանելու եւ կուսակրօն դառնալու համար։ 1821ին անցաւ Թիֆլիս, ուր թաղային վարժարան մը յաճախելէ ետք ընդունուեցաւ նորաբաց Ներսիսեան վարժարանը, որուն ուսումնական շրջանը աւարտեց փայլուն արդիւնքով եւ վերադարձաւ Էջմիածին՝ Սարկաւագ ձեռնադրուելու եւ Կաթողիկոսի քարտուղարը դառնալու համար։

Էջմիածնի մէջ իբրեւ սարկաւագ ու քարտուղար կեանքի իր տարիներուն, Աբովեան սկսաւ հայրենասիրական ու քնարերգական ոտանաւորներ գրել՝ առաւելաբար գրաբարով։ (Այդ շրջանին կը պատկանի ՝՝Կարօտութիւն Նանի Վայելչութեանց Հայրենեաց Իմոյ՝՝ խորագրով իր բանաստեղծութիւնը)։ Միաժամանակ խորացան եւ հունաւորուեցան հայրենի հողին ու հայ շինականին նկատմամբ Աբովեանի տածած անհուն սէրը, օտարի տիրապետութեան եւ մահմետական բռնատիրութեան դէմ ազատասէր հայու Աբովեանական ընդվզումի եւ ցասումը տարերքը։

Աստիճանաբար արմատաւորուեցաւ նաեւ դարու յառաջընթացին հետ քայլ պահելու՝ խաւարամտութեան անդունդին մէջ ապրող սեփական ժողովուրդը լուսաւորելու առաքելութեան կոչումը Աբովեանի մէջ։ Ապրեցաւ լուռ ու խոր տառապանքը՝ սեփական ժողովուրդին հետ հասկնալի լեզուով գրելու դժուարութեան, գրաբարով ազատութեան եւ հայրենասիրութեան գաղափարները տարածելու կաշկանդումին։ Այդ գաղափարներով ալ դասաւանդութիւն կատարեց Էջմիածնի Վանական դպրոցին մէջ՝ արժանանալով իր պաշտօնակիցներուն դատապարտանքին ու հալածանքին, իբրեւ տարօրինակ եւ վնասակար աղափարներու տարածիչ։


Ապա վրայ հասան 1828ի ռուս-թրքական պատերազմը եւ Աբովեան մեծ խանդավառութեամբ փարեցաւ քրիստոեայ ռուս ժողովուրդին հետ միացման գաղափարին։

Բայց 1829ին Արարատ Լերան աաթը մալցելու իրեն ընծայուած հնարաւորութիւնն էր, որ իսկական անկինադարձմը կազմեց Խաչատուր Աբովեան կեանքին ու գործին մէջ։ Էսթոնիայի Դորպատի համալսարանէն փրոֆ. Պարրորտ Երեւան ժամանած էր եւ Արարատը մագլցելու համար իրեն ընկերակցող հայ մը կը փնտռէր։ Խաչատուր Սարկաւագ կամաւոր ներկայացաւ, բայց Ներսէս Աշտարակեցի Կաթողիկոսի արգելքին բախեցաւ, որովհետեւ այդ օրերուն ՝՝սրբապղծութիւն՝՝ կը նկատուէր Սուրբ Լերան կատարը մագլցելու որեւէ փորձ։ Աբովեան չենթարկուեցաւ Կաթողիկոսի արգելքին եւ ընկերակցեցաւ Պարրոտին ոչ միայն ՝՝Դէպի Լեառն Մասիս՝՝ այլ նաեւ այնուհետեւ մինչեւ Դորպատի համալսարան, ուր կատարելագործեց իր ուսումը լեզուներու՝ ռուսերէնի, գերմաներէնի, որոշ չափով ֆրանսերէնի եւ անգլերէնի մէջ։

Երբ 1836ին վերադարձաւ Երեւան, Աբովեան դիմումներ կատարեց նորօծն Յովհաննէս Կարբեցի Կաթողիկոսին, որպէսզի Էջմիածնի մէջ արդիական դպրոց մը հիմնէ, գիւղական ուսուցիչներ պատրաստելու համար։ Ոչ միայն ընդառաջում չգտաւ, այլեւ՝ ընդհանրապէս հայկական վարժարաններու դռները փակուեցան ուսուցչութեան դիմում կատարող Աբովեանի առջեւ։ Ստիպուեցաւ Թիֆլիս մեկնիլ եւ պետական ուսուցիչ դառնալ։

Ահա այդ պայմաններուն մէջ՝ հալածանքի, ապրուստի դժուարութեան եւ ակամայ օտար երեխաներու դասաւանդութեան լծուելու պարտադրանքին տակ, Աբովեան ապրեցաւ ստեղծագործական իր երկունքի կարեւորագոյն շրջանը, որուն ծնունդն ու անմահ կոթողական վկան եղաւ 1840ին աւարտած իր ՝՝Վէրք Հայաստանի՝՝ն։

Իրաւամբ ըսուած է, որ Խաչատուր Աբովեանի Վէրք Հայաստանին հայ ժողովուրդի արդի ժամանակաշրջանի Նարեկն է։

Հայու ազատատենչ ոգին ու լուսաւոր միտքը սանձազերծող անմահ գործ մը, որուն կերտիչը իր կենդանութեան հալածուեցաւ հայ թէ ռուս իշխանութեանց կողմէ, մինչեւ որ 1848ի Ապրիլի 2ին վաղ առաւօտեան, իր տունէն դուրս եկաւ եւ անյայտ ուղղութեամբ գնաց՝ այլեւ երբեք չվերադառնալու համար, անհետ կորսուելով։
Որոշ կենսագիրներ կը պնդեն, թէ Խաչատուր Աբովեան Արարատ լեռը բարձրացաւ եւ կորսուեցաւ։
Ուրիշներ կը պաշտպանեն այն վարկածը, որ ցարական իշխանութեանց կողմէ ձերբակալուեցաւ եւ Ռուսաստանի խորերը աքսորուեցաւ ու անհետ կորաւ։
Իսկ Խաչատուր Աբովեանի արժանի հոգեզաւակը հանդիսացող Ակսել Բակունց կը հաւատայ, որ Ազատութեան մեծ երիչը նաց Ֆրանսա՝ միանալու 1848ի յեղափոխութեան մեծ շարժումին։
Բայց ինչ որ ալ ըլլայ բուն իրականութիւնը, Խաչատուր Աբովեան միայն մարմնով հեռացաւ հայ ժողովուրդի սրտէն ու մտքէն։ Ան առյաւէտ նուաճեց իր անփոխարինելի տեղը Հայ Հոգիին մէջ։







All the contents on this site are copyrighted ©.