2011-04-19 14:41:07

2011- ՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿԻ ՏԱՐԻ (Հռչակուած Արամ Ա.ին Վեհափառի Կողմէ).


՜՜Հայ մանուկի դաստիարակութիւնը եկեղեցւոյ , դպրոցին ու ընտանիքին առաջնահերթութիւնը պէտք է դառնայ՝՝ այսպէս պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս վեհարանի պատշգամէն Ծաղկազարդի տօնին առիթով:
Կիրակի, 17 ապրիլին (2011), Ծաղկազարդի օրը` Յիսուսի Երուսաղէմ մուտքի յիշատակին, հազարաւոր հայ մանուկներ իրենց ծնողներուն հետ խուռներամ բազմութեամբ լեցուցած էին Անթիլիասի մայրավանքը: Տօնական խանդավառութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ, երբ մանուկներու թափօրը ծայր առաւ Մայր տաճարէն եւ կաթողիկոսարանի հիւսիսային դարպասէն դուրս ելլելով, ամբողջ մայրավանքի շրջանը ըրաւ, ու մայր դարպասէն ներս մտաւ` ցնծագին ուրախութեամբ լեցնելով մանուկներուն սրտերը:
Ս. Պատարագը մատոյց Շահէ Եպս. Փանոսեան: Ներկայ բազմահազար ժողովուրդը ծափողջոյններով դիմաւորեց Արամ Ա. կաթողիկոսը, որ վեհարանի պատշգամէն երեւելով` իր հայրապետական պատգամը եւ հայրական խօսքը ուղղեց հայ մանուկներուն եւ անոնց ծնողներուն:
Վեհափառը տեսնելով հետաքրքրութեամբ իրեն նայող բազմաթիւ հայ մանուկները, իր պատգամը ուղղեց անոնց` Յիսուսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքի դրուագին ընդմէջէն: Ապա քաջալերեց ծնողները, որոնք հայու վայել գիտակցութեամբ, եկեղեցւոյ տօներուն մասնակից կը դարձնեն իրենց զաւակները` Աստուծոյ շունչով ու քրիստոնէական դաստիարակութեամբ մեծցնելով զանոնք: Վեհափառին պատգամը հազիւ աւարտած, հազարաւոր հայ մանուկներ մեծ ցնծութեամբ դիտեցին գոյնզգոյն փուչիկները, որոնք մայրավանքի շրջափակէն դէպի երկինք բարձրացան:
Պատգամէն ետք, Արամ Ա. կաթողիկոս վեհարանին մէջ ընդունեց հայ մանուկներն ու անոնց ծնողները: Տեղի ունեցաւ աջահամբոյր: Վեհափառը բոլոր մանուկներուն նուէրներ բաշխեց` տօնական ուրախութեամբ լեցնելով անոնց սրտերը:
«Հայ մանուկի տարուան» առիթով, վեհափառը բոլոր մանուկներուն նուիրեց նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հրապարակած մանկական երգերու ուսուցողական տեսաերիզէն (քարաօքէ) օրինակ մը` 17 երգերով:
Նշենք, որ իր ընտրութենէն անմիջապէս ետք, Արամ Ա. Կաթողիկոս Ծաղկազարդի Տօնը հռչակած էր «Հայ մանուկներու օր», եւ այնուհետեւ ամէն տարի յատուկ նուէրներով, վեհափառը վեհարանին մէջ կ՛ընդունի բոլոր հայ մանուկները: Իսկ այս տարին բացառութիւն կազմեց` յատկապէս բազմահազար մանուկներու ներկայութեամբ, եւ «Հայ մանուկի տարուան» տօնախմբութեան վերածուեցաւ:
Յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ նաեւ դռնբացէքի խորհրդալից արարողութիւնը` հանդիսապետութեամբ վեհափառին: Քարոզեց Շահէ եպիսկոպոս Փանոսեան` Քրիստոսի երկրորդ գալստեան պատգամը փոխանցելով ներկայ հաւատացեալներուն:
Յայտնենք, որ երէկ, Ծաղկազարդի տօնին առիթով մանուկներու թափօրներ եւ դռնբացէքի արարողութիւններ տեղի ունեցան Լիբանանի հայկական բոլոր եկեղեցիներուն մէջ:

Նոյնպէս ԳԱՐԵԳԻՆ Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ծաղկազարի Օրը իր խօսքը ուղղեց Մանուկներուն։

Ապրիլի 17-ին Հայ Առաքելական Եկեղեցին տօնախմբում է Ծաղկազարդը՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի՝ Երուսաղէմ յաղթական մուտքի յիշատակը։ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ Ծաղկազարդի տօնը հռչակուած է որպէս մանուկների օրհնութեան օր։ Այս առիթով Ամենայն Հայոց Հայրապետը շնորհաւորական ուղերձ է յղել մանուկներին, որում մասնաւորապէս ասւում է.
Մեր սիրելի զաւակներ,
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնից Հայրական Մեր սէրն ու օրհնութիւնն ենք բերում ձեզ Մանուկների օրհնութեան օրուայ առիթով, որն առաւել պայծառանում է Ծաղկազարդի տօնի հոեզուարթ խորհրդով։
Ձեզ պէս մանուկներ Երուսաղէմում ընդառաջ ելան, ողջունեցին մեր Տէր եւ Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսին եւ ընդունեցին Նրա օրհնութիւնը։ Այսօր դուք եւս, ձեր ծնողների ուղեկցութեամբ ուռենու ճիւղեր առած, ուրախ հոով նում էք եկեղեցիներ՝ ստանալու մեր Տիրոջ օրհնութիւնը։ Փրկչի օրհնութիւնը ձեզ վրայ է սիրելիներ, ամուր պահէք սէրը մեր Սուրբ Եկեղեցու եւ Հայրենիքի հանդէպ եւ ապրէք՝ հաւատալով ու վստահելով Աստծուն, հաւատարիմ մնալով Նրա պատուիրաններին։
Մանուկների օրհնութիւնն իր խորհրդով պիտի զօրացնի նաեւ ձեր ծնողաց սրտերում սիրոյ, զոհողութեան ու անձնուիրումի ոին։ Այն պիտի առիթ դառնայ վերստին արժեւորելու եւ նահատելու հայրենի աւանդների ու քրիստոնէական արժէքների վրայ խարսխուած կրթութիւնն ու դաստիարակութիւնը, որոնք երաշխիքներն են մեր Հայրենիքի ու ժողովրդի վաղուայ լուսաւոր եւ պայծառ կեանքի։
Սիրելի զաւակներ Մեր, աղօթքով առ Բարին Աստուած մաղթում ենք ձեզ երկնառաք պարեւներով լեցուն, ուրախ ու անվրդով մանկութիւն։ Թող մեր Տէր Յիսուս Քրիստոս պահի ու պահպանի ձեզ եւ ձեր ծնողներին Իր ամենախնամ Սուրբ Աջի հովանու ներքոյ այսօր եւ միշտ։








All the contents on this site are copyrighted ©.