2011-04-18 09:31:14

Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքի Հայրապետական պատգամը Ծաղկազարդի տօնին առթիւ


Ծաղկազարդի տօնին առթիւ, կիրակի 17 ապրիլ 2011-ին, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը մատոյց հանդիսաւոր սուրբ Պատարագ սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ եւ այս առթիւ փոխանցեց հետեւեալ պատգամը.

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր
Յատկապէս՝ յոյժ սիրելի երիտասարդներ եւ երիտասարդուհիներ,

Երէկ, վերջ գտաւ Քառասնորդաց շրջանը Ղազարու յարութեան յիշատակով եւ աւագ խորանի վարագոյրը բանալով:
Այսօր, կը սկսինք Աւագ Շաբաթը, որ կը պսակուի Քրիստոսի փառաւոր Յարութեամբ:
Աւագ Շաբաթը ամենէն կարեւոր շաբաթն է տարուան ընթացքին, որովհետեւ ան կը բովանդակէ մեր հաւատքի մեծագոյն խորհուրդները։ Ասոր համար կը կոչուի Աւագ Շաբաթ։
Վաղը, սկիզբ կ‏՚առնէ Աւագ Շաբթուան պահքը: Անոնք որոնք պահք չբռնեցին Քառասնորդաց շրջանին, առիթ ունին գալիք օրերուն յատուկէն աղօթելու եւ պահք բռնելու։
Աւագ Հինգշաբթի օրը կը փակէ Աւագ Շաբթուան պահքը՝ Ապաշխարութեան եւ Ոտնլուայի արարողութիւններով։ Ժամանակին, այդ օրը, զղջացած մեծ մեղաւորները կրկին կ՚ընդունուէին Եկեղեցւոյ ծոցին մէջ։ Նոյն գիշերը, կը սկսի Զատկուայ Եռօրեան՝ սուրբ եւ անմահ Պատարագով։
Սիրելիներ, Եկեղեցին յատկացուցած է Ծաղկազարդի տօնը որպէս Համաշխարհային Օր Երիտասարդներուն համար, որոնք նկատուած են յոյսը եւ ապագան Եկեղեցւոյ եւ ընկերութեան: Այս տարի, Համաշխարհային Օրը տեղի պիտի ունենայ Սպանիոյ Մատրիտ քաղաքին մէջ, Օգոստոս ամսոյն ընթացքին։
Այս տարուայ Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրուան բնաբանը առնուած է սուրբ Պօղոսի Կողոսացիներու թուղթէն, որ կ՚ըսէ. «Դուք արմատացած եւ հաստատուած էք Յիսուսին վրայ եւ հիմնուած հաւատքի վրայ» (կող. 2,7)։
Այս առիթով, Բենետիկտոս ԺԶ. սրբազան քահանայապետը իր նամակին մէջ կը յորդորէ երիտասարդները եւ երիտասարդուհիները, ըսելով. «Ձեզ կը հրաւիրեմ մասնակցելու այս համաշխարհային հանդիպումին, որ մեծապէս կարեւոր է ամբողջ Եկեղեցւոյ համար։ Կը յուսամ որ բոլոր երիտասարդները կարենան ապրիլ այս փորձառութիւնը, որ կրնայ վճռական հանգրուան մը դառնալ անոնց կեանքին ընթացքին համար»։ Խօսքը, զոր սրբազան պապը ուղղեց երիտասարդութեան, կը զօրէ նաեւ բոլորին։
Սրբազան պապը կ՚ըսէ. «Հաստատեցէ՛ք անձնական երկխօսութիւն մը Յիսուսին հետ աղօթքով, որպէսզի աճիք հաւատքին մէջ։ Ծանօթացէ՛ք Յիսուսին սուրբ Աւետարանի ընթերցումով եւ Եկեղեցւոյ ուսուցումին միջոցաւ եւ վստահեցէ՛ք Իրեն։ Ան ձեզ բնաւ յուսախաբ պիտի չձգէ։ Հաւատքը, նախ եւ առաջ, անձնական կապ մըն է Աստուծոյ եւ ձեր միջեւ։ Այս ձեւով, պիտի գոյացնէք հասուն եւ հաստատուն հաւատք մը, որ սակայն հիմնուած պիտի չըլլայ լոկ կրօնական զգացումներու վրայ, կամ յիշատակ մը կրօնական ուսուցումին, զոր ստանձնեցիք ձեր մանկութեան օրերուն։ Այլ՝ պիտի կարենաք աւելի լաւ ճանչնալ Յիսուսը, նման Թովմաս առաքեալին, որ հռչակեց իր հաւատքը Յարուցեալ Յիսուսը ճանչնալէն ետք, աղաղակեց եւ ըսաւ. «Տէր իմ եւ Աստուած իմ»։
Սրբազան պապը կը շարունակէ ըսելով. «Ամէն հաւատացեալ փոքր օղակ մը կը կազմէ հաւատացեալներու երկար շղթային մէջ։ Ամէն օղակ կապուած է միւս շղթայի օղակներուն եւ անկէ ոյժ կ՚առնէ։ Նոյնպէս մէկը չի կրնար հաւատալ առանց միւս հաւատացեաներուն հաւատքի զօրակցութեան։ Ես ալ իմ կարգիս, հաւատքիս միջոցաւ կը զօրակցիմ ուրիշներուն հաւատքին։ Այսպէս, Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ուսուցումը մեզի կը սորվեցնէ։ Ասոր համար, պարտինք Աստուծոյ գոհաբանական աղօթք բարձրացնել ամէն ժամանակ Եկեղեցւոյ աննման պարգեւին համար։ Սուրբ Եկեղեցին, որ մեր մայրն է, մեզի կ՚օգնէ յառաջանալու, ապահով քայլերով, հաւատքի ճամբու վրայ, որ մեզի ճշմարիտ կեանքը կը շնորհէ, սուրբ Յովհաննէս Աւետարանիչին խօսքին համաձայն, որ կը գրէ. «Այսչափը գրուեցաւ, որպէսզի հաւատաք որ Յիսուս՝ Քրիստոսն է, Աստուծոյ Որդին, եւ հաւատալով՝ յաւիտենական կեանք ընդունիք անոր անունով» (Յովհ 20,31)։
Բազմաթիւ քրիստոնեաներ կենդանի վկաներ եղած են, որոնց հաւատքը արտայայտուեցաւ սիրոյ միջոցաւ։ Անոնք խաղաղութիւնը հաստատեցին, արդարութիւնը պաշտպանեցին, աշխատեցան որպէսզի աշխարհը աւելի մարդկային դառնայ, Աստուծոյ ծրագրին համաձայն։ Անոնք առաջնորդուեցան սիրոյ առաքինութեամբ, որ կը բխի հաւատքէն, շօշափելի հաւատք մը՝ խօսքով եւ մանաւանդ գործով։ Նման քրիստոնեաներ կան նաեւ այսօր մեր շուրջ։
Յիսուս Քրիստոս անգնահատելի գանձ մըն է բոլորին համար, գանձ մը որուն պէտք է ուրիշներուն հետ մասնակից դառնանք։ Ասոր համար, դուք յոյսի վկաներ եղէ՛ք աշխարհին առջեւ։ Շատեր կը ցանկան ունենալ նման յոյս մը։ Ղազարոսի գերեզմանին առջեւ, որուն յարութիւնը երէկ յիշատակեցինք, Ղազարի քրոջ՝ Մարթային, Յիսուս ըսաւ. «Եթէ հաւատաս, պիտի տեսնես Աստուծոյ փառքը» (Յովհ 11,40)։ Դո՛ւք ալ, եթէ հաւատաք, կ՚ըսէ սրբազան պապը, եւ ձեր հաւատքը ապրիք եւ անոր վկայէք ամէն օր, կարող պիտի դառնաք միջնորդ դառնալու եւ օգտակար պիտի հանդիսանաք ուրիշներուն, որպէսզի անոնք ալ գտնեն կեանքին ուղիղ իմաստը եւ անոր ուրախութիւնը, որոնք կը բխին Քրիստոսի հետ մեր ունեցած հանդիպումին շնորհիւ։
Սիրելիներ, Յիսուս կը փափաքի ձեզ հաստատուն պահել հաւատքին մէջ, Եկեղեցւոյ միջոցաւ, բան մը, որ ամէն ատեն դիւրին պիտի չըլլայ։ Բայց մի՛ յուսալքուիք, փնտռեցէ՛ք զօրակցութիւն եկեղեցւոյ քով, այսինքն քրիստոնեայ հասարակութեան մօտ»։
Սրբազան պապը խօսքը կը փակէ, ըսելով. «Թո՛ղ Աստուածամայրը ձեզի ընկերանայ ձեր ուղեւորութեան ընթացքին, ինք որ հաւատքով ընդունեցաւ Աստուծոյ խօսքը հրեշտակին բեռնով եւ ընդունեցաւ՝ Յիսուս, որ Աստուած գործէ իր մէջ։ Այսպէս ան մեծ սիրոյ շնորհքը ընդունեցաւ, որ զինք մղեց ինքզինք բոլորովին Աստուծոյ նուիրուելու։
Թո՛ղ մեր երկնաւոր մայրը բարեխօսէ ձեզմէ ամէն մէկուն համար, որպէսզի կարենաք աճիլ հաւատքի եւ սիրոյ մէջ։ Ես ալ կ՚ապահովցնեմ ձեզի, որ ձեզ պիտի յիշեմ իմ հայրական աղօթքներուս մէջ, եւ բոլոր սրտով ձեզ կ՚օրհնեմ»։

Արդիւնաւոր Աւագ Շաբաթ մը կը մաղթեմ ձեզի բոլորիդ. Ամէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.