2011-04-18 06:56:37

Այսօր Ծաղկազարդ է, Տօն Յիսուսի փառաւոր Մուտքին Երուսաղէմ.


Ծաղկազարդի տօնին նշանակութիւնը եւ եկեղեցական արարողութիւնները։
Յիսուսի Յարութիւնը կանխող շաբաթը, կը յատկանշուի Յիսուսի կեանքին մէջ ընդհանրապէս՝ տնօրինական եւ մարգարէութեանց մէջ նախատեսուած՝ դէպքերով։
Յարութեան տօնին Սրբազան դրուագները կը սկսին կանխող կիրակի օրով, որ Յիսուսի յաղթական մուտքն է Երուսաղէմ, եւ ճիշտ այդ օրը՝ Յիսուսի Երուսաղէմ Յաղթական Մուտքին օրը, կը կոչուի նաեւ Արմաւենեաց Կիրակի, քանի որ Երուսաղէմ մուտքին բազմութիւնը Արմաւենիի կամ ձիթենիի ճիւղերով ընդունեց Յիսուսը։ Իսկ ՜՜Ծաղկազարդ՝՝ անունը զուտ հայկական բնորոշում մըն է։ Երբեմն ալ գործածուած է ՜՜Ծառզարդար՝՝ կոչումը այս պարագային սակայն կը թուի թէ յառաջացած ըլլայ այն իրողութենէն թէ ՜՜ երկար ատեն մեր մէջ նոր տարին տօնելու աւանդութիւնը կապուած էր գարնանամուտին. (հին հայկական օրացոյցը կը սկսէր արդարեւ՝ Արեգ ամիսով որ կը սկսի 21 մարտին, գարնան առաջին օրը, եւ որովհետեւ ծառի զարդարումը նոր տարուան աւանդութեանց մաս կը կազմէ, բառին գործածութիւնը ԾԱՌԶԱՐԴԱՐԸ գարնան զուգադիպող ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻՆ պահած է իր ուժը, երբ նոր տարին Մարտ ամիսէն փոխադրուած է Յունուարին։
Ծաղկազարդը՝ յիշատակումն է Յիսուսի Երուսաղէմ մուտքին ։
Երեք տարուայ քարոզութենէն ետք Յիսուս դէպի Երուսաղէմ կ՝ուղղուի, պատգամ տալու՝ Երուսաղէմի տաճարէն։ Ան Ճամբուն վրայ կը կատարէ վերջին հրաշքներըը...Կոյրերուն աչքերը կը բանայ, մահացած եւ չորս օրերէ ի վեր թաղուած Ղազարոսը վերստին կեանքի կը կոչէ, եւ այս բոլորը կը շեշտեն ժողովուրդին հետաքրքրւթիւնը. սակայն ամէնքը նոյն զգացումները եւ արտայայտութիւնները չեն ունենար անշուշտ հետեւորդներ եւ հաւատցեալներ փառք կու տան, թերահաւատները կը սկսին ընդունիլ ճշմարտութիւնը իսկ՝ նախանձոտներ ու շահամոլներ մտահոգ՝ կը մտածեն դաւերու մասին։
Յիսուս մուտք կը գործէ Երուսաղէմ հեծած իշու վրայ իշու աւանակի վրայ (ինչպէս որ ըսուած էր մարգարէներու բերնով)
Զաքարիա Մարգարէի կանխատեսութեանց համաձայն գրուած էր.
՜՜Մեծապէս ուրախացիր ո՜վ Սիոնի Աղջիկ, ցնծութեամբ աղաղակէ, ով Երուսաղէմի աղջիկ, ահա թագաւորդ քեզի կու գայ. անիկա արդար ու փրկիչ է, հեզ է , կու գայ իշու վրայ հեծած եւ իշու ձագի, աւանակի, վրայ՝՝։ Ժողովուրդը օրհնութիւններով եւ Օվսաննաներով կ՝ընդունի զինք...
Անշուշտ այդ պահուն Յիսուսի աշակերտները հպարտանքով եւ ուրախութեամբ լեցուեցան, իսկ փարիսեցիք սկսան անհանդուրժող, անհամբեր դառնալ խնդրելով Յիսուսէն որ սաստէ աշակերտները.
Յիսուսի պատասխանը կ՝ըլլայ ՜՜եթէ անոնք լռեն այդ քարերը պիտի աղաղակեն... Ծաղկազարդը նաեւ մանուկներու օրն է ...

Եկեղեցական հանդիսութիւնները իրենց տօնական ճոխութեանց մէջ կը մտնեն, եւ ի պատրաստութիւն Ծաղկազարդի Օրուան , (նախորդ շաբաթ օրը) երեկոյեան, կը բացուի Բուն Բարեկենդանէն սկսեալ ՜՜փակեալ խորանը՝՝։
Իսկ Կիրակի օրը՝ Ծաղկազարդի օրը, կը կատարուի անդաստանի արարողութիւնը (անդաստանօրհնէքը) որով կը կատարուի աշխարհի 4 ծագերու օրհնութիւնը։ Նաեւ կ՝օրհնուին ձիթենիի, արմաւենիի կամ ուռի ճիւղերը, որոնք ապա կը բաժնուին հաւատացեալներուն։
Ծաղկազադի տօնին կը կատարուի նաեւ ՜՜դռնբացէքը՝՝... անիկա երեկոյեան ժամասացութեան ատեն կատարուող արարողութիւն մըն է, որուն ընթացքին հաւատացեալները եկեղեցիին գոց դուռին առջեւ կը հաւաքուին եւ գլխաւորութեամբ առաջնորդ եկեղեցականի մը , Աստուծմէ կ՝աղերսեն եկեղեցի ընդունուելու իրաւունք, ՜՜Բաց մեզ Տէր՝՝ (ըսելով) իբր աղերսանք դրախտին...
Ու երբ զանազան աղօթքներէ ու աղերսանքներէ ետք դուռը կը բացուի, հաւատացեալները ներս կը մտնեն, այս առթիւ շատեր նաեւ կ՝աղօթեն ու կը հայցեն շնորհքներ, կը յայտնեն նաեւ իրենց սրտի փափաքը, յոյսով որ կատարուի... Արեւելքի մէջ ծնողներ իրենց մանուկներուն հետ (որոնք տակաւին չեն սկսած խօսիլ) կը մօտենային քահանային, որպէսզի խաչով օրհնէ մանուկը որպէսզի շուտով (լեզու գայ)։ Անշուշտ աշխատանք փնտռողը՝ կ՝աղօթէ որ գործի դուռ մը բացուի , աղջիկը կ՝աղօթէ որպէսզի ՝ որ բախտը բացուի... (մօտ 2000 տարի առաջ ժողովուրդի բազմութիւնը Յիսուսէն կը խնդրէր այս ամէնը, եւ այսօր հաւատացեալները եկեղեցւոյ մէջ դարձեալ կը դիմեն Յիսուսին)։

Եկեղեցւոյ մէջ կատարուած արարողութիւնները, իրականին մէջ, վերյիշումը եւ վերանորոգումն են Յիսուսի Երուսաղէմ մուտքի մանրամասնութիւններուն՝ որոնք մեզի փոխանձուած են Աւետարանիչներու կողմէ։
՜՜ժողովուրդի բազմութիւն մը որ տօնին եկած էր, լսելով որ Յիսուս Երուսաղէմ կու գայ արմաւենիի ոստեր առին եւ դիմաւորեցին զինքը աղաղակելով Ովսաննա օրհնեալ ըլլայ այն՝ որ Տիրոջ անունով կու գայ , Իսրայէլի թագաւորը...՝՝ Ծաղկազարդի տօնին օրը մենք կ՝ապրինք ճիշտ այդ օրերը, նման 2000 տարի առաջ իրենց ֆիզիքական աչքերով տեսած, այդ ժամանակաշրջանին ապրած անձերուն։
Ներկայիս նշմարելի է որ առաւելաբար շեշտը կը դրուի Ծաղկազարդի ընդհանուր թափօրին վրայ, որուն կը մասնակցին մեծ թիւով երկսեռ մանուկներ երկար եւ զարդարուն մոմերով։ Աւելցնենք որ մանուկները այդ օրը կը հագնին իրենց նոր զգեստները...։








All the contents on this site are copyrighted ©.