Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգիսեանի Այցելութիւնը՝ Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի
Ընդհանուր Ժողովին ու նաեւ Ոստիկանութեան Ակադեմիային։
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ մասնակցեցաւ Հայաստանի գիտութիւններու ազգային
ակադեմիայի տարեկան ընդհանուր հաշուետու ժողովին: Գիտութիւններու ազգային հիմնարկի
նախագահ Ռատիկ Մարտիրոսեան ներկայացուց ակադեմիայի 2010-ի գիտական գործունէութեան արդիւնքները
եւ գիտութեան ասպարէզին մէջ գոյութիւն ունեցող խնդիրները եւ գիտութեան զարգացման առաջնահերթութիւնները: Ժողովի
մասնակիցները այնուհետեւ քննարկեցին հաշուետու ժամանակահատուածին մէջ ակադեմիայի գործունէութեան
արդիւնքները: Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ այցելեց նաեւ Հայաստանի Ոստիկանութեան Ակադեմիա: Ոստիկանութեան
օրուան նախօրեակին ակադեմիայի բակին մէջ բացումը կատարուեցաւ ծառայողական պարտականութիւնները
կատարելու ընթացքին զոհուած ոստիկանութեան ծառայողներու յիշատակին նուիրուած Յուշարձանի
մը: Նախագահը ներկայ գտնուեցաւ Յուշարձանի բացման արարողութեան, որուն յաջորդեց շքերթ`
ակադեմիայի սաներուն մասնակցութեամբ: Սերժ Սարգսեան շրջեցաւ հիմնարկի շէնքին մէջ եւ
ծանօթացաւ բարձրագոյն կրթութեամբ ոստիկանութեան մարդուժի մասնագէտներ պատրաստող ուսումնական
հաստատութեան պայմաններուն: