2011-04-16 12:45:56

Ալ Րայի մարոնիթ պատրիարքին անդրանիկ Պատարագը Վատիկանի սուրբ Պետրոս պազիլիքին մէջ


Բենեդիկտոս ԺԶ. սրբազան քահանայապետի հետ հաղորդութեան հաստատումէն ետք, մարոնիթ Եկեղեցւոյ նոր պատրիարք Պշարա Ալ Րայի իր անդրանիկ սուրբ Պատարագը մատոյց Վատիկանի սուրբ Պետրոս պազիլիքին մէջ, ներկայութեամբ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահի, խորհրդարանի նախագահի, նշանակեալ վարչապետ Միքաթիի, քաղաքական տարբեր ոյժերու ներկայացուցիչներու եւ համայն աշխարհէն ժամանած լիբանանցի հիւրերու։ Հանդիսաւոր սուրբ Պատարագին մասնակցեցան նաեւ Լիբանանի եւ Իրանի դեսպանները Վատիկանի մօտ։
Սուրբ Պատարագի սկիզբը մարոնիթ պատրիարքական ներկայացուցիչ սուրբ Աթոռին մօտ մոնսինիոր Թոնի ժըպրան խօսք առաւ եւ գնահատեց Լիբանանի բոլոր հատուածներուն ներկայութիւնը այս հանդիսաւոր արարողութեան եւ վերահաստատեց պատրիարք Ալ Րայիի գահակալութեան «Հաղորդութիւն եւ Սէր» բնաբանը, ի նպաստ լիբանանեան համակեցութեան ամրապնդման։
Ապա սրբազան քահանայապետի ներկայացուցիչը յոյս յայտնեց, որ Ալ Րայի պատրիարքը կարողանայ հաստատօրէն ուղղել Եկեղեցին դէպի Լիբանանի ներքին խաղաղութիւն, խորհրդակցութեամբ եւ գործակցութեամբ սիւնհոդոսի հայրերուն հետ։ Ինչպէս նաեւ ան կոչ ուղղեց Ալ Րայի պատրիարքին, Եկեղեցւոյ հայրապետ ու հովիւ ըլլալու Քրիստոսի օրինակին համաձայն, որ կը սիրէ բոլոր հաւատացեալները։ Ան վերջապէս շնորհակալութիւն յայտնեց մասնաւորապէս իսլամ անձնաւորութիւններուն, որոնք ներկայ գտնուեցան այս արարողութեան, ինչ որ յոյս կը ներշնչէ եւ «գեղեցիկ միութեան պատկեր մը կը ներկայացնէ լիբանանեան ընկերութեան մասին»։
Սուրբ Աւետարանի ընթերցումէն ետք, Ալ Րայի պատրիարքը իր քարոզին մէջ խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց արհիապատիւ եպիսկոպոսներուն, մեծաւոր հայրերուն, քահանաներուն, քոյրերուն եւ հաւատացեալներուն, որոնք զինք առաջնորդեցին եւ իր հետ յայտնեցին եկեղեցական հաղորդութիւնը Բենեդիկտոս ԺԶ. սրբազան քահանայապետին հետ։ Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն լիբանանցիներուն, որոնք իրեն ընկերացան Վատիկան այցելութեան այս շաբթուան ընթացքին։
Իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Կը վերադառնանք մեր երկիրները եւ Լիբանան, պահելով հաղորդութեան եւ սիրոյ ապրումը ընտանիքին եւ Եկեղեցւոյ մէջ, ինչպէս նաեւ ընկերութեան եւ հայրենիքին մէջ, գիտակցելով, որ Տէր Քրիստոս՝ օրինակելի հովիւը կը ճանչնայ մեզ՝ որպէս իր հօտը, ուստի ջանանք աւելի զինք ճանչնալ ամէն օր սուրբ Աւետարանի Խօսքով եւ Եկեղեցւոյ ուսուցմամբ, միանալով Հօր, Որդւոյն եւ սուրբ Հոգիին խորհուրդներուն շնորհքով, գործով եւ ճշմարտութեամբ վկայելով իր սիրոյ մասին։ Այսպէս կրնանք կանգնել մեր միութիւնը, ինչպէս սրբազան քահանայապետը մեզի կոչ ուղղեց, հաստատելով Աւետարանի այսօրուան խօսքը. «Կը ճանչնամ հօտս եւ հօտս ալ զիս կը ճանչւայ եւ կը լսէ իմ ձայնս, ուստի հովուապետութիւնը միասնական է մէկ հովիւով»։








All the contents on this site are copyrighted ©.