2011-04-15 12:42:01

Օգոստինեան Երկու Կրօնաւորուհիներ Պատրաստեցին Աւագ Ուրբաթ Օրուայ Ճանապարհ Խաչը ։


Մայր Մարիա Ռիդա Բիչիոնէ` օգոստինեան կրօնաւորուհիներու մեծաւորուհիին յանձնուեցաւ պարտականութիւնը այս տարի, շարդարելու՝ 22 ապրիլին` Աւագ Ուրբաթ օրուայ ճանապարհ խաչի 14 կայաններու խորհրդածութիւնները ։
Այդ խորհրդածութիւններու ընկերացող սրբապատկերները մտայղացքն են կրօնաւորուհի Էլենա Մանկանելլիի, որ ինք եւս անդամ է օգոստինեան միաբանութեան։
Օգոստինեան երկու կրօնաւորուհիներու ընտրութիւնը կարելի է կապել այն իրողութեան որ 2011ի Զատիկը կը զուգադիպի 24 ապրիլին` Ս. Օգոստինոսի մկրտութեան օրը, Միլանօ քաղաքին մէջ, 386 թուականին։
Նշենք թէ անցեալին այլ կիներ եւս սատարեցին ճանապարհ խաչի խորհրդածութիւններու շարադրութեան` ինչպէս կրօնաւորուհի Աննա Մարիա Գանոբին՝ 1993ին եւ բողոքական Մինք տէ Վրիէս 1995ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.