2011-04-15 12:40:55

Քաջալերական Եւ Զօրակցութեան Պատգամ Ուղղուած Չինաստանի Կաթողիկէներու ն


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի հովանաւորութեամբ՝ Չինաստանի եկեղեցւոյ ի նպաստ 2007ի կազմուած խորհուրդը 11-13 ապրիլ Վատիկանի մէջ գումարեց իր տարեկան ժողովը, ուսումնասիրելու՝ Չինաստանի եկեղեցւոյ կացութիւնը ու անոր հայող կարեւոր հացերը։ Նիստի աւարտին ժողովականները քաջալերական եւ զօրակցութեան պատգամ մը ուղղած են Չինաստանի Կաթողիկէներուն որուն մէջ կը խրախուսեն զանոնք հաստատ մնալու իրենց հաւատքին մէջ` հակառակ դժուարութիւններուն եւ Չինաստանի կառավարութեան քաղաքականութեան։
Եկեղեցւոյ քրիստոնէականը կը պատուիրէ հաւատքը պաշտպանել նոյնիսկ արեան գնով եւ այս է հիմը որուն վրայ Չինաստանի եկեղեցին կը կառչի միութեան եւ հաղորդութեան մէջ։ Պատգամը կ՛եզրափակուի Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետին ուղղած այն հրաւէրով որ յառաջիկայ 24 մայիսը` Օգնական Քրիստոնէից Տիրամօր տօնը` ըլլայ Չինաստանի Եկեղեցւոյ ի նպաստ աղօթքի օր։








All the contents on this site are copyrighted ©.