Վատիկանի թղթատարութիւնը յուշապահարանի նոր արտակ մը լոյս պիտի ընծայէ Յովհաննէս Պօղոս
Բ Քահանայապետի երանացման առթիւ։
Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի երանացման առթիւ, Վատիկանի թղթատարութիւնը նոր դրոշմի
ու նոր յուշապահարանի մը արտակ մը շրջաբերութեան մէջ պիտի դնէ։ Պահարանին ձախ կողմը տպուած
է Յովհաննէս Բ Քահանայապետին նկարը աղօթքի դիրքի վրայ։ Միաժամանակ Վատիկանի թղթատարութիւնը
լեհականին հետ միասին դրոշմաթուղթ մը պատրաստած է, որուն մէջ պատկերացուցած է Յովհաննէս
Բ Հռոմի Պապը իր բազուկները երկինք բարձրացուցած, դրոշմաթուղթի խորքը կը տեսնուի Ս. Պետրոս
տաճարը եւ ողորմած Քրիստոսը։