2011-04-15 12:38:16

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը


Այսօր Ուրբաթ 15 Ապրիլ 2011, առաւօտեան ժամը 9ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը <<Փրկչին Մայրը>> մատրան մէջ մասնակցեցաւ Մեծ Պահքի չորրորդ եւ վերջին խորհրդածութեան զոր կատարեց Քահանայապետական Տան քարոզիչը, Հայր Րանիէրօ Գանդալամեսսան։
Յետ Միջօրէին Նորին Սրբութիւնը հանդիպում ունեցաւ Հաւատոյ Ժողովի Կառավարիչ՝ Կարտինալ Ուիլիամ Նեվատայի հետ։

Իսկ երէկ 14 ապրիլին Սրբազան Հայրը ունկնդրութիւն շնորհեց Լէթթոնիայի նախագահ Վալտիս Զադլէրսի։ Հանդիպումի ընթացքին խօսուեցաւ <<Վատիկանի եւ Լէթթոնիայի միջեւ լաւ յարաբերութիւններուն մասին, նաեւ տնտեսական ծանր տագնապին ու եկեղեցւոյ կարեւոր դերին ընկերային եւ դաստիարկչական ասպարէզներէն ներս>>հարցի մասին։Նորին Սրբութիւնը եւ Զադլերս նախագահը ապա շեշտը դրին խաղաղ համակեցութեան անհրաժեշտութեան վրայ նշելով անոր կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ Լեթթոնիայի համաշխարային խաղաղութեան ի նպաստ տարած գործունէութեան վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.