ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Պեռնար Ֆասիէ(Ֆրանսա), Ռոպըրթ Պրատքէ (Միացեալ Նահանգներ)
եւ Իկոր Փոփով(Ռուսիա) վստահութիւն յայտնեցին, որ հարցերը լուծելու եւ բանակցային հոլովոյթը
իր աւարտին հասցնելու ժամանակն է: Անոնք երէկ հրապարակուած յայտարարութեան մը մէջ
նշեցին, որ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքի հետ 11-14
ապրիլին Երեւան, Ստեփանակերտ եւ Պաքու այցելած են եւ հանդիպումներ ունեցած են Հայաստանի
եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի տէ ֆաքթօ իշխանութիւններուն հետ: Հանդիպումներուն
ընթացքին քննարկուեցան ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման ուղղուած ընելիքները: Համանախագահները
նշեցին, որ 13 ապրիլին քալելով անցած են ազրպէյճանական եւ ղարաբաղեան զինեալ ուժերու
շփման գիծը` նպատակ ունենալով ճշդել զինադադարի դրութեան խախտումներու հանգամանքները:
Իբրեւ հիմք ընդունելով 5 մարտին Սոչիի մէջ Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն
միացեալ յայտարարութիւնը, միջնորդները կողմերուն ներկայացուցին ճակատային գիծին վրայ
տեղի ունեցող միջադէպերու հետաքննութեան մեքանիզմի նախագիծը: Յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի,
որ համանախագահները պատրաստ են շարունակելու աշխատանքը կողմերուն հետ եւ բաց ու թափանցիկ
հետաքննութիւն կատարելու, ինչ որ կարելիութիւն պիտի տայ ամրապնդելու վստահութիւնը, խուսափելու
սխալներէն եւ կեանքեր փրկելու: Համանախագահները նաեւ մտահոգութիւն յայտնեցին Ստեփանակերտի
օդակայանի բացման առնչութեամբ` նշելով, որ ատիկա կրնայ սրել կողմերուն միջեւ գոյութիւն
ունեցող լարուածութիւնը: Համանախագահները նախազգուշացուցին, որ Ստեփանակերտի օդակայանէն
իրականացուելիք թռիչքները չեն ենթադրեր Լեռնային Ղարաբաղի ներկայիս իրավիճակի փոփոխութիւն:
Անոնք յորդորեցին կողմերուն հետեւելու միջազգային համաձայնագիրներուն եւ դաշինքներուն,
ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի օդային տարածքներով իրականացուող թռիչքներու ներկայ
վիճակին: Համանախագահները նաեւ տեղեկացուցին, որ ապրիլի աւարտին Ուաշինկթընի մէջ այս
հարցերը պիտի քննարկեն Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան բարձրագոյն պաշտօնեաներուն
հետ: Միւս կողմէ, Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ երէկ Պաքուի մէջ ընդունեց ԵԱՀԿ-ի
Մինսքի խմբակի համանախագահները: