2011-04-15 12:25:22

Լիպիացի Ըմբոստները ՆՕԹԱՆ-էն Կը Պահանջեն Միսթրաթայի «ՋԱՐԴԸ» Արգիլել։


Լիպիացի ըմբոստները երէկ ՕԹԱՆ-եան յաւելեալ օդային հարուածներ պահանջեցին` յայտնելով, որ իրենք Մոամմար Կատտաֆիի ուժերուն կողմէ շրջափակուած եւ շարունակ հրետանիով ռմբակոծման ենթակայ Միսրաթայի մէջ ջարդ մը կը դիմագրաւեն, Կատտաֆիի ուժերը ռմբակոծած են նաեւ մանկաբուժական հիւանդանոց մը։ Մարդասիրական օժանդակութեան կազմակերպութիւնները Միսրաթայի մէջ մարդասիրական աղէտէ մը կը զգուշացնեն:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն Պերլինի մէջ տեղի ունեցած ՕԹԱՆ-ի ժողովի ընթացքին Միսրաթայի մէջ «վայրագութեանց» նկատմամբ մտահոգութիւն յայտնեց, սակայն որեւէ ակնարկութիւն չըրաւ, թէ Ուաշինկթըն պատրաստ է օդային հարուածներուն վերստին մասնակցելու: Քլինթըն ՕԹԱՆ-ի մէջ տեղի ունեցող վէճերուն նկատմամբ մտահոգութիւն յայտնելով ըսաւ, որ ՕԹԱՆ Կատտաֆիի դէմ «վճռակամութիւն եւ միասնականութիւն» պէտք է ցուցաբերէ:

Մինչ այդ, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն, Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան ղեկավար Քեթրին Էշթըն, Արաբական Լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ամր Մուսա եւ Ափրիկեան Միութենէն ու Իսլամական երկիրներու կազմակերպութենէն պաշտօնատարներ երէկ Գահիրէի մէջ ունեցան հանդիպում մը, որուն ընթացքին Պան Քի Մուն եւ Ամր Մուսա կոչ ուղղեցին Լիպիոյ մէջ անմիջապէս զինադուլ հաստատելու եւ տագնապին քաղաքական լուծում մը գտնելու:

Նշենք, որ մինչ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը Գահիրէի մէջ յայտարարեց, որ բախումները որքան երկարին` քաղաքական լուծում մը այդքան աւելի դժուար կ՛ըլլայ, Քլինթըն Պերլինի մէջ յայտարարեց, որ Կատտաֆիի իշխանութենէն հեռանալէն առաջ քաղաքական արդիւնաւէտ փոխանցում մը չի կրնար տեղի ունենալ:

Լիպիոյ ըմբոստներու բանբեր Մահմուտ Աուատ Շամմամ յայտնեց, որ ըմբոստներուն կազմած Ազգային Փոխանցման Խորհուրդը տագնապի լուծման Թուրքիոյ նախաձեռնութիւնը դրականօրէն կ՛ընկալէ, սակայն անոնք պէտք է կախարդական բառը ըսեն. «Կատտաֆի պէտք է մեկնի»:
Իսկ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու Տոհայի մէջ Լիպիոյ վերաբերող վեհաժողովին ընթացքին յայտնած էր, որ Լիպիոյ մէջ քաղաքական փոփոխութիւնը լիպիացի ժողովուրդին պահանջները բաւարարելու համար խաղաղ կերպով պէտք է իրագործուի:








All the contents on this site are copyrighted ©.