2011-04-14 13:15:56

Տոհայի Գերաստիճանը։ Արեւմտեան Եւ Արաբ Պետութիւններ Կ՝ըսեն «Կատտաֆի Պէտք է Հեռանայ » ։


Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ Լիպիոյ ապագան քննարկող միջազգային ուժերը առաջին անգամ ըլլալով կոչ ուղղեցին, որ Մոամմար Կատտաֆի հեռանայ իշխանութենէն, իսկ ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրները հրապարակաւ օդային հարուածները աշխուժացնելու շուրջ վիճեցան:
Բրիտանիա եւ Ֆրանսա յաղթանակ մը արձանագրեցին, երբ շուրջ 16 եւրոպական եւ միջին արեւելեան երկիրներէ, ՄԱԿ-էն, Արաբական լիկայէն եւ Ափրիկեան Միութենէն բաղկացած «Յարաբերական խմբակը» յայտնեց, որ Կատտաֆի պէտք է հեռանայ:
Ժողովէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութիւնը կը նշէր, որ «Կատտաֆի եւ իր վարչակարգը ամբողջովին կորսնցուցած են իրենց օրինականութիւնը եւ պէտք է հեռանան իշխանութենէն` արտօնելով, որ ժողովուրդը ճշդէ իր ապագան»: Բրիտանիա եւ Ֆրանսա կոչ ուղղեցին ՕԹԱՆ-ի կողմէ օդային հարուածներու աւելի մեծ մասնակցութեան։
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն պատերազմին պատճառած մարդասիրական աղէտը ընդգծեց, երբ յայտնեց, որ 3.6 միլիոն մարդ կամ Լիպիոյ բնակչութեան կէսէն աւելին օժանդակութեան կը կարօտի:
Տոհայի հանդիպումին մասնակից ըմբոստները կոչ ուղղեցին Կատտաֆիի ծանր զէնքերուն դէմ յաւելեալ օդային յարձակումներ կատարելու:
Քաթարի իշխանութիւնները հաստատած են, որ Լիպիոյ ըմբոստներուն օգնած են միջազգային շուկային մէջ վաճառելու քարիւղը, որմէ ստացուած եկամուտները պիտի օգտագործուին Կատտաֆիի վարչակարգին դէմ պայքարը շարունակելու:








All the contents on this site are copyrighted ©.